ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիա կը շարունակէ խտացեալ ջանքեր գործադրել՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած միջազգային բարդ իրավիճակին մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, որ պատերազմի ծագելէն վերջ առաջին անգամ այցելեց Թուրքիա։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ ամիս կը նախատեսուի նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը։
Էրտողան-Զելենսքի հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Վահտետտին» ապարանքին մէջ ու տեւեց շուրջ երկուքուկէս ժամ։ Հանդիպման յաջորդած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան նշեց, որ պատերազմին բանակցութիւններու միջոցաւ վերջ տալու նպատակով ամենախտացեալ ջանքերը գործադրած երկիրը հանդիսացած է Թուրքիան։ Նախագահը ընդգծեց, որ Ուքրայնայի իրաւունքն է ՆԱԹՕ-ին անդամակցիլը։ «Յամառօրէն միշտ արտայայտած համոզումս կ՚ուզեմ կրկնել, թէ արդար խաղաղութիւնը չ՚ունենար պարտուող», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Ուքրայնայի վերականգնման նպատակով Թուրքիա պատրաստակամ է ամէն տեսակ աջակցութիւնը ցուցաբերելու։
Մինչ այդ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Մոսկուա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Էրտողան-Զելենսքի հանդիպման։