Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՄՈՏԻ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ միջազգային բեմահարթակի խմորումները արտասովոր ուշադրութեան առակայ կը դառնան։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքը։ Այսօր Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններ վարելու համար։
Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու ղեկավարները կ՚անդրադառնան միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդի հարցերու։ Անոնք կը քննարկեն նաեւ երկկողմանի աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման հեռանկարները։
Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024