ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին շնորհաւորականներ ուղարկեց երկու նորընտիր ղեկավարներու՝ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանին եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըրին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փեզեշքիանին ուղարկած շնորհաւորականին մէջ Փաշինեան շեշտած է, որ Հայաստան-Իրան ջերմ յարաբերութիւններու շարունակական խորացումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի թէ՛ երկկողմանի համագործակցութեան եւ թէ տարածաշրջանային կայունութեան ու բարգաւաճման համատեսքին մէջ։ Վարչապետը համոզուած է, թէ կառավարութիւններու համատեղ ջանքերով կեանքի պիտի կոչուին Երեւանի եւ Թեհրանի միջեւ ապահովուած համաձայնութիւնները, նաեւ կողմերը համատեղ ուժերով ձեռնամուխ պիտի ըլլան շարք մը նոր ծրագրերու՝ յանուն Հայաստանի եւ Իրանի բարեկամական ժողովուրդներու բարօրութեան։

Սթարմըրի ուղարկած շնորհաւորականին մէջ ալ Փաշինեան յիշեցուցած է, որ Հայաստան-Անգլիա յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն հետեւողական զարգացում ու խորացում արձանագրած են։ Երկկողմանի համագործակցութիւնը բարձրացած է նոր՝ ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի։ Ուստի, վարչապետը լիայոյս է, թէ այդ թափը ո՛չ միայն կը շարունակուի, այլեւ կը համալրուի հեռանկարային ծրագրերով։

«Կ՚ակնկալեմ, որ յառաջիկային առիթ կ՚ունենանք հանդիպելու եւ քննարկելու մեր երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը խորացնելու հնարաւորութիւններ», նշած է Փաշինեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024