21-ՐԴ ՓԱՅԼՈՒՆ ՕՂԱԿԸ
Երեւանի մէջ երէկ պաշտօնապէս բացուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի 21-րդ անգամ կազմակերպուած է։ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ փառատօնի հանդիսաւոր բացումը, որ համախմբեց հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ։ Փառաշուք երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որ ամէն ինչով յարիր էր այս նախաձեռնութեան 21-րդ փայլուն օղակին։ Այս տարի «Ոսկէ ծիրան»ի շրջանակներէն ներս առանձին ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի հայազգի երկու մեծանուն եւ անմոռանալի արուեստագէտներու՝ Շարլ Ազնաւուրի եւ Սերկէյ Փարաճանովի ժառանգութեան նկատմամբ։ Անոնք մէկ կողմէ բիւր յարգանքով կ՚ոգեկոչուին, իսկ միւս կողմէ բոլորի համար ներշնչանքի առարկայ կը դառնան։
21-րդ փառատօնի սկիզբը վստահուած էր՝ գանատահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Եօթ քօղ» գործին։ Սա Էկոյեանի նոր ժապաւէնն է, որու առաջին ցուցադրութիւնը անցեալ տարի տեղի ունեցած էր Թորոնթոյի շարժանկարային փառատօնի ծիրէն ներս։ Գեղարուեստասէրները ողջունեցին Ատոմ Էկոյեանի որոշ ընդհատումէ մը վերջ այս փառատօնին վերադառնալը։ Բացման փառաշուք հանդիսութեան ընթացքին հնչած ծափողջոյններն ալ այդ տրամադրութիւններուն վառ արտայայտութիւնը հանդիսացան։
21-րդ «Ոսկէ ծիրան»ին մեկնարկին առթիւ ելոյթներ ունեցան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեան։ Այս տարուան պատուոյ հիւրին՝ յայտնի դերասան Քեւըն Սփէյսիի մեծարանքի փուլին հանդէս եկան փառատօնի հիմնադիրները՝ Յարութիւն Խաչատրեան, Միքայէլ Ստամպոլցեան եւ Սուզաննա Յարութիւնեան։
21-րդ «Ոսկէ ծիրան»ը պիտի շարունակուի շաբաթ մը եւ կիրակի, յուլիսի 14-ին պիտի եզրափակուի։ Մինչ երէկուան բացումը ականաւոր հիւրերու ժամադրավայրը հանդիսացաւ, ծրագրի վրայ նախատեսուած են ցուցադրութիւնները բազմաթիւ ժապաւէններու, որոնք միջազգային զանազան փառատօներու դափնեկիր դարձած են։ Փառատօնի օրերուն ժապաւէնները կը ներկայացուին Երեւանի Շարժանկարի տան, «Մալեան» թատրոնին եւ «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ։