ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ ՅԱՒԵՐԺ…

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Դի­լի­ջա­նի մէջ վեր­ջերս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ «Լոյս» հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Դէ­պի Տա­ւու­շի մար­զը կա­տա­րած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով, Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան Դի­լի­ջա­նի ու­սում­նա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ Սերժ Սարգ­սեան ի­րա­կա­նա­ցուց այս հան­դի­պու­մը։ Ցայ­սօր «Լոյս» հիմ­նադ­րա­մէն կրթա­թո­շակ ստա­ցած­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ շուրջ եր­կու հա­րիւր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ ար­դէն կը ձե­ւա­ւո­րեն հա­մա­նուն հա­մայն­քը։ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կար­գին կը գտնուէին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, կրթա­թո­շա­կա­ռու­ներ, շրջա­նա­ւարտ­ներ, նոր ու­սա­նող­ներ, «Կլո­պալ ու­սում­նա­կան տար­րա­լու­ծա­րան» դա­սըն­թաց­քի մաս­նա­կից­նե­րը։ Ծա­նօթ է, որ «Լոյս» հիմ­նադրա­մը կրթա­թո­շակ­ներ կը յատ­կաց­նէ, որ­պէս­զի հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ու­սում ստա­նան աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։

Մինչ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ «Լոյս»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հան­դիպ­ման սկսի­լը, այս հիմ­նադրա­մի «Զար­գաց­նենք Հա­յաս­տա­նը միա­սին» ծրագ­րին մաս­նակ­ցած խում­բե­րը մուտ­քաս­րա­հին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց կեան­քի կո­չած նա­խագ­ծե­րը, ուր աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներս ստա­ցուած գի­տե­լիք­նե­րը, փոր­ձա­ռու­թիւնն ու կա­պե­րը փոր­ձած են օգ­տա­գոր­ծել ի բա­րօ­րու­թիւն Հա­յաս­տա­նի։

Սերժ Սարգ­սեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ «Լոյս» հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­հիմ­նա­դիրն է, ըստ սո­վո­րու­թեան նոր ըն­դու­նուած ու­սա­նող­նե­րուն յանձ­նեց կրթա­թո­շա­կի ար­ժա­նա­նա­լու հա­ւաս­տագ­րե­րը։ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նին հա­մար կրթա­թո­շա­կի ար­ժա­նա­ցած է յի­սունե­րեք նոր ու­սա­նող։ Բաց աս­տի, եւս յի­սուն­չորս ու­սա­նող կը շա­րու­նա­կէ իր կրթու­թիւ­նը «Լոյս»ի ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րեց ու­սա­նող­նե­րը, նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թեց ա­նոնց ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար եւ հե­տա­գայ ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հին։ Ան ը­սաւ. «Ան­շուշտ, ա­մէն տա­րի ես մեծ հա­ճոյ­քով կը սպա­սեմ այս հան­դիպ­ման։ Նախ՝ կ՚ու­զեմ շնոր­հա­ւո­րել «Լոյս» հիմ­նադ­րա­մի այս տա­րուան կրթա­թո­շա­կա­ռու­նե­րը, բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք այս տա­րի ըն­դու­նուած են աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն հա­մալ­սա­րան­նե­րը եւ ար­դէն ստա­ցած՝ «Լոյս» հիմ­նադ­րա­մի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն, կը կար­ծեմ, ա­ռա­ւել եւս այս լսա­րա­նին մէջ, ա­ւե­լորդ է խօ­սիլ կրթու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին։ Բայց որ­պէս Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ կ՚ու­զեմ բո­լորդ հա­ւաս­տիաց­նել, որ ձեր հայ­րե­նի­քը, ձեր պե­տու­թիւ­նը պատ­րաստ է միշտ գտնուե­լու ձեր կող­քին՝ ձեր մաս­նա­գի­տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը, ձեր գի­տե­լիք­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու ճա­նա­պար­հին։ Խե­լա­ցի մար­դիկ, մրցու­նակ մաս­նա­գէտ­ներ անհ­րա­ժեշտ են բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ, իսկ մեր երկ­րին մէջ՝ ա­ռա­ւել եւս։ Ուս­տի, կը կրկնեմ՝ մենք ջանք եւ ե­ռանդ չենք խնա­յեր, որ­պէս­զի դուք կա­րե­նաք հաս­նիլ ձեր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նին։ Այ­սօր աշ­խարհ կը փո­խուի շատ ա­րագ ու շատ ա­րագ զար­գա­ցող աշ­խար­հին մէջ անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր յա­ջորդ սե­րունդ ստա­նայ ա­ւե­լի լաւ կրթու­թիւն, քան նա­խոր­դը. ըլ­լայ ա­ւե­լի խե­լա­ցի, ըլ­լայ ա­ւե­լի տե­ղե­կա­ցուած եւ ա­ւե­լի ճշգրիտ ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նէ։ Այս ա­ռու­մով, ես ու­րախ եմ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը հաս­նի լաւ սե­րունդ՝ ձե­զի փո­խա­րի­նող սե­րուն­դը, որ վեր­ջին մէկ շաբ­թուան ըն­թաց­քին ին­ծի ուղ­ղա­կի եր­ջան­կա­ցուց։ Հա­ւա­նա­բար, գի­տէք, իսկ ե­թէ չէք գի­տեր՝ ի­մա­ցէք, որ վեր­ջին շաբ­թուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած են հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րեք ա­ռար­կա­յա­կան ո­ղիմ­պիա­կան­ներ՝ երկ­րա­բա­նու­թեան, ու­սո­ղու­թեան եւ կեն­սա­բա­նու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի տասն­հինգ մաս­նա­կից­նե­րէն տաս-ն­ըչոր­սը տուն վե­րա­դար­ձած են մե­տայլ­նե­րով»։ Սերժ Սարգ­սեան այդ տուել­նե­րը բաղ­դա­տեց տա­րած­քաշրջա­նի այլ եր­կիր­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու ա­պա­հո­ված ար­դիւնք­նե­րուն հետ ու նշեց, թէ Հա­յաս­տան հա­սած է բա­ւա­կան մեծ ա­ռա­ւե­լու­թեան։

Սարգ­սեան գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ «Լոյս»ի ու­սա­նող­նե­րուն եւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ գի­տե­լիք­ներ ստա­նա­լով, կը վե­րա­դառ­նան Հա­յաս­տան եւ այդ գի­տե­լի­քը կը ծա­ռա­յեց­նեն հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան։ «Վստահ եմ, որ ձեզ­մէ շա­տեր կրնա­յին այն­տեղ մնալ, այն­տեղ աշ­խա­տիլ։ Սա ալ տար­բե­րակ մըն էր, բայց կը կար­ծեմ՝ ոչ լա­ւա­գոյ­նը։ Լա­ւա­գոյն տար­բե­րա­կը այս պահն է, երբ բո­լորդ միա­սին կը հա­ւա­քուիք Հա­յաս­տա­նի մէջ. մէ­կը կ՚եր­թայ Գար­գառ, միւ­սը՝ Շու­շի, եր­րոր­դը՝ Կիւմ­րի եւ կը փոր­ձէ օգ­տա­կար բան մը ը­նել մեր երկ­րին հա­մար։ Շատ լաւ ծրագ­րեր կ՚ի­րա­կա­նաց­նէք։ Ապ­րի՛ք բո­լորդ։ Այս կարճ խօսքս կ՚ու­զեմ ա­ւար­տել ձեր իսկ կար­գա­խօ­սով՝ «Միա­սին զար­գաց­նենք Հա­յաս­տա­նը»։ Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին՝ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան այս վե­րի­վայ­րում­նե­րու ըն­թաց­քին մենք, յան­կարծ, կրնանք մնալ ցած աս­տի­ճա­նի վրայ։ Ձեզ­մէ կա­խեալ է, թէ յա­ջորդ տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին Հա­յաս­տան ի՞նչ դեր պի­տի ու­նե­նայ աշ­խար­հի վրայ, բայց ա­մե­նա­կե­րե­ւո­րը այն է՝ որ Հա­յաս­տան պի­տի ու­նե­նա՞յ յա­ւերժ գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լու ի­րա­ւուն­քը՝ թէ կաս­կա­ծի տակ պի­տի առ­նուի։ Ես վստահ եմ, որ մենք այ­սօր այդ ի­րա­ւուն­քը ու­նինք, այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նինք ու նաեւ, ի հար­կէ, լիա­յոյս եմ, որ դուք այդ ի­րա­ւուն­քը շատ ա­մուր պի­տի պա­հէք։ Պի­տի անց­նի 10-15 տա­րի, ա­պա այս դահ­լի­ճին մէջ նստած մար­դիկ պի­տի ղե­կա­վա­րեն մեր եր­կի­րը։ Բո­լո­րիդ յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թեմ եւ կ՚ու­զեմ, որ ձեր այս ժա­մա­նա­կը, այս տա­րի­քը, իս­կա­պէս, օգ­տա­գոր­ծէք գի­տե­լիք եւ մարդ­կա­յին ո­րակ­ներ ձեռք բե­րե­լու հա­մար», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2015