ԹԱՐԱՊԻՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Իս­թան­պու­լի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի Նա­խա­գահ Կուր­պան­կու­լու Պեր­տի­մու­հա­մէ­տո­վի հետ։ Էր­տո­ղան Թա­րա­պիոյ ա­պա­րան­քին մէջ հիւ­րըն­կա­լեց իր թիւր­քեմն պաշ­տօ­նա­կի­ցը, որ  Թուր­քիա ե­կած էր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը աշ­խա­տան­քա­յին ճա­շա­սե­ղա­նի մը շուրջ զրու­ցե­ցին մօ­տա­ւո­րա­պէս մէ­կու­կէս ժամ։ Ա­նոնք քննար­կե­ցին տնտե­սու­թեան, ու­ժա­նիւ­թի եւ մշա­կոյ­թի բնա­գա­ւառ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը։

Ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցէն վերջ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Այս հանգ­րուանն ալ տե­ւեց շուրջ ժամ մը։ Շօ­շա­փուե­ցան այն նիւ­թե­րը, ո­րոնք մաս կը կազ­մեն Թուր­քիոյ եւ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գին։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Թա­նէր Եըլ­տըզ, Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Նի­հատ Զէյ­պեք­ճի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խորհրդա­տու դես­պան Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, թէ՛ նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցին եւ թէ պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ կող­մե­րը վճռա­կան են եր­կու եր­կիր­նե­րու տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Էր­տո­ղան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Թիւրք­մե­նիս­տա­նի մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող թրքա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան եւ ա­նոնց նկատ­մամբ տա­ծուած վստա­հու­թեան հա­մար։ Իր կար­գին, Պեր­տի­մու­հա­մէ­տովն ալ վե­րա­հաս­տա­տեց, թէ Թիւրք­մե­նիս­տան ո­րո­շած է որ­պէս գոր­ծըն­կեր եր­կիր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել Իզ­մի­րի 84-րդ մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճա­ռին։

Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­ցին այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գաւա­ռը երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­մե­նա­կա­րե­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րէն մին է։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ այն մշա­կու­թա­յին ծրագ­րե­րուն, ո­րոնց միաս­նա­բար ձեռ­նար­կած են եր­կու եր­կիր­նե­րը։

Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման զուգահեռ կանոնաւոր պարբերութեամբ կ՚իրականացուին նաեւ բարձր մակարդակով այցելութիւններ, որոնք խթան կը հանդիսանան համագործակցութեան զարգացման թափին։ Ուժանիւթի բնագաւառը մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս ամբողջին մէջ, որովհետեւ Անգարա Միջին Ասիայէն դէպի Եւրոպա տարանցումներու համար կը ձգտի օգտուիլ Աշխապատի հնարաւորութիւններէն։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2015