ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԴԷՄ ՈՏՆԱԽԱՂ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ կը գտնուի նաեւ ERVAB-ի գլուխը, այս առաւօտ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեց, որ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին ըրածը մեր համայնքին դէմ ոտնախաղ մըն է։ «Որքան ցաւալի է մեր համայնքին մէջ այսպիսի տխուր երեւոյթներու ականատես դառնալ՝ քանի ամէն ինչէ աւելի միասնականութեան եւ համախումբ գործելու պէտք ունինք։ Ոեւէ մէկը իրաւունք չունի արգելք ըլլալու, որ մեր ժողովուրդը չկարողանայ իր խօսքը ըսել՝ համայնքային որեւէ հաստատութեան ճակատագրի տնօրինման մէջ», ըսաւ Շիրինօղլու։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022