ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԹԵՐՍՆՈՒՄ

Պաշարեալ Արցախի իրադրութեան բնութագրումը հետզհետէ կը դժուարանայ։ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը արդէն 12 օրէ ի վեր տեղ հասցնել հնարաւոր չ՚ըլլար։ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեանն ալ երէկ այս կապակցութեամբ հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց զանգուածային լրատուութեան միջոցներով։ Իր խօսքով՝ Արցախի մարդասիրական տագնապը ո՛չ միայն չի թուլանար, այլեւ կը խորանայ։ Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Արցախի պարագային խնդրոյ առարկայ է համատարած թերսնում։

«Արցախի մէջ իրավիճակի աղիտալի ծաւալները հետզհետէ աւելի տեսանելի կը դառնան միջազգային հանրութեան համար», ըսաւ Վարդան Սարգսեան։ Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ ըսաւ. «Արցախը համակեդրոնացման մեծ ճամբար մըն է, ուր Ատրպէյճան ցեղասպանութիւն կ՚իրականացնէ»։ Ան համոզուած է, թէ Պաքու կը ձգտի հրաժարիլ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութենէն ու շարունակել պատերազմը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՄԱԿ-ի փորձագէտներն ալ երէկ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեցին, որպէսզի դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի փակ պահուիլը։ Իսկ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները երէկ յաջողեցան տեսակցիլ Արցախի բնակիչ 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի հետ, որ բուժման համար Կարմիր խաչի կողմէ Հայաստան փոխադրութեան ճանապարհին Լաչինի միջանցքին մէջ առեւանգուած էր Ատրպէյճանի կողմէ։ Խաչատրեան ներկայիս կը գտնուի Պաքուի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպէր Ահմատիանի հետ։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան, նաեւ նոյն ծիրի ապագայ հարցերուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2023