ԲԱՐԵԲԱՍՏԻԿ ԾՆՈՒՆԴ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը, որ կոչուած է՝

ԱՐԵՒ

Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։ Նորածին փոքրիկը արդէն իր ծնողներու երրորդ զաւակն է։

Այս ուրախ առթիւ երկար ու երջանիկ կեանք կը մաղթենք նորածին Արեւին։ Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նորածինին երջանիկ ծնողքը՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու իր ազնուաշուք կողակիցը՝ Արփինէ Աւդալեանը։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները՝ նորածինի եղբայրներուն, մեծ ծնողներուն եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2023