ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ՏՈՒԱՒ՝ ԱՌԿԱՅ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երկրի առկայ տնտեսական դժուարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ երէկ հանդէս եկաւ խրախուսական պատգամներով։ Անգարայի մէջ, կառավարութեան հերթական ժողովէն վերջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս ան ընթացիկ յայտարարութիւնները ըրաւ՝ ազգին ուղղեալ խօսքի ձեւաչափով։ Այս փուլին Էրտողան որոշ չափով շեղեցաւ ընդհանուր բացատրութիւններու ոճէն եւ իր խօսքին զրոյցի մը երանգը տալով՝ պատգամներ ուղղեց բանուորներուն, թոշակառուներուն, պաշտօնեաներուն, միջին ու փոքր առեւտրականներուն, արդիւնաբերողներուն եւ ուսանողներուն։
«Այստեղէն խօսք կ՚ուղղեմ մեր իւրաքանչիւր քաղաքացիին, խօսք կ՚ուղղեմ բոլոր անոնց, որոնք վաստակ կը ներդնեն երկրի զարգացման համար։ Ինչպէս անհատներու, այնպէս ալ պետութիւններու կեանքին մէջ ալեկոծումներ կրնան ըլլալ։ Դժուարութիւնները ժամանակաւոր են։ Այս նուրբ շրջանին միասնաբար պէտք է այնպէս մը ընենք, որ փոքր շահերը գերադաս չդարձնենք մեր ազգի հասարակաց ապագայէն, մեր երեխաներու գալիքէն», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ այս պատմական անկիւնադարձը յաջողութեամբ յաղթահարելէ վերջ, կարգը պիտի գայ միասնաբար մագլցելու «Թուրքիոյ դարու» աստիճանները։
«Մենք մօտէն կը հետեւինք բարձրաձայնուած անհանգստութիւններուն։ Մենք չենք եղած անոնցմէ, որոնք գանգատներու դէմ յանդիման մատ կը թափեն ազգին վրայ։ Մեր առաքելութիւնն է՝ մարդոց քննադատութիւնները իջեցնել նուազագոյնի, աւելցնել այն ծառայութիւններն ու գործերը, որոնք անոնց դրուատիքին կ՚արժանանան», ըսաւ Էրտողան։
Ի լրումն այս բոլորին՝ նախագահը կրկնեց, որ փրկութիւնը պիտի ապահովուի ուս ուսի։ Էրտողան շեշտեց, որ գնաճն ալ դարձեալ պիտի իջեցուի միանիշ համեմատութիւններու։ Նախագահը թուարկեց այն դժուարութիւնները, որոնց դէմ յանդիման մնացած է երկիրը։ Արդարեւ, Թուրքիա իրերայաջորդ ներքին փորձութիւններու ենթարկուած է, նաեւ կ՚ազդուի թէ՛ համաշխարհային եւ թէ տարածաշրջանային տագնապներէ։ Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալ երկրի առանձնայատկութիւններէն բխած շարք մը խնդիրներ։ Յամենայնդէպս, այս բոլորի պատճառ դարձած դժուարութիւնները ժամանակաւոր են։ «Թուրքիոյ թէ՛ ուժը, թէ՛ հնարաւորութիւնները եւ թէ ներուժը՝ անցեալի հետ անբաղդատելիօրէն մեծ են։ Մենք թոյլ պէտք չէ տանք, որ մեր ոտքերուն տակի առկայ խճաքարերը շեղեն մեր ուշադրութիւնը՝ մեր առջեւի ծովէն»՝ ըսաւ Էրտողան եւ յիշեցուց, որ թուրք ազգը քանիցս յաջողութիւններու պատումներ գրած է։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահը առանձնապէս անդրադարձաւ նաեւ երկրաշարժէ տուժած քաղաքներու վերակառուցման ուղղեալ շարժման եւ երկրաշարժի սպառնալիքի ենթակայ քաղաքներու վերակառուցման։