14-ՐԴ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ

Անգարայի մէջ երէկ սկաւ 14-րդ Դեսպաններու խորհրդաժողովը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի գլխաւորութեամբ, խորհրդաժողովի մասնակիցները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Նահատակ դիւանագէտներու նկատմամբ յարգանքի տուրք ալ մատուցեցին նախարարն ու ժողովականները, որոնք այսօր Պեշթեփէի համալիրին մէջ կը հիւրընկալուին նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցին Թուրքիոյ արտասահմանեան դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի ղեկավարութիւնը։ Աշխատանքները պիտի եզրափակուին վաղը։

Կը հաղորդուի, որ 14-րդ Դեսպաններու խորհրդաժողովի ընդմէջէն կը բիւրեղանայ Անգարայի նոր շրջանի արտաքին քաղաքականութեան ճանապարհային քարտէսը։ Նախարար Հաքան Ֆիտան այս կապակցութեամբ տուաւ կարեւոր պատգամներ։ Ան յայտնեց, որ թրքական կողմին տեսակէտէ արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական ուղղութիւնն ու ընթացքը ծայր աստիճան յստակ է։ Իր բանաձեւումով՝ սա «Թուրքիոյ դարու» արտաքին քաղաքականութիւնն է, որ հետամուտ է անկախ ըլլալու ամէն տեսակ արտաքին ազդեցութեան գօտիէ։ Ըստ Հաքան Ֆիտանի, Անգարա կը ձգտի ունենալ ազգային արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կը ձեւաւորուի թրքական քաղաքակրթական արժէքներուն շուրջ, կը յենու աճող հնարաւորութիւններու եւ ընդունակութիւններու հիմքին, պետութեան ու ազգին միասնականութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճման ամրապնդման նպատակը կը հետապնդէ եւ իր տարածաշրջանէն ներս ձգողականութեան կեդրոն մը դառնալ կ՚ենթադրէ։

Խորհրդաժողովի ընթացքին Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան, անդորրութեան, բարգաւաճման ու անվտանգութեան համար զուգընթաց պէտք է ըլլան Թուրքիա-Հայաստան եւ Ատրպէյճան-Հայաստան գործընթացները։ Բաց աստի, ան յայտնեց, որ Անգարա անկեղծ է Աթէնքի հետ լուծման որոնումներուն մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքի պարագային Թուրքիա յարմար կը դատէ երկու պետութիւնով լուծում մը։ Թրքական կողմը կը շարունակէ խրախուսել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին անդրադառնալով՝ Ֆիտան ընդգծեց, որ թրքական կողմը յամառօրէն պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ պատերազմի վերջ գտնելուն ու խաղաղութեան հաստատման համար։ Նախարարը մասնաւորապէս կանգ առաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով Թուրքիոյ վճռակամութեան վրայ եւ այս կապակցութեամբ կոչ ուղղեց ՆԱԹՕ-ին, որպէսզի բոլոր անդամներուն ուղղեալ անվտանգութեան սպառնալիքներն ու մտահոգութիւնները համահաւասար վերաբերմունքի արժանանան։

Ի լրումն այս բոլորին, Հաքան Ֆիտան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացին շուրջ։ Իր խօսքով՝ այդ գործընթացի երկարաձգումը ռազմական կուրութիւն կը նշանակէ։ «Անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ առանց Թուրքիոյ Եւրոմիութիւնը պիտի չկարողանայ համաշխարհային լիարժէք դերակատար մը դառնալ», յայտնեց նախարարը եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ շրջանին առաջնահերթութիւն պիտի ներկայացնեն վիզաներու ազատականացումն ու Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացումը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2023