ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ «ԱՐՔԷՈՓԱՐՔ»

Հայտարփաշայի կայարանի պատմական շէնքի վերանորոգման աշխատանքները արդէն բաւական հասունցած են։ 116 տարի առաջ բացուած եւ «Մարմարայ»ի օգտագործման զուգահեռ շրջանառութենէ դուրս մնացած այս կայարանը աւանդաբար կ՚ընդունուէր Իսթանպուլի դարպասը։ Շահագործումէ դուրս մնալէ վերջ այս կոթողային շէնքին մէջ ծագած էր նաեւ հրդեհ մը, որու հետեւանքով կքած էր տանիքը, մանաւանդ՝ վնասուած էր անոր մեծ ժամացոյցը, որ կայարանի խորհրդանշանը կը համարուէր։ Երկաթուղիներու պետական պատկան մարմինները այդ կէտէն սկսեալ մշակեցին վերանորոգութեան ծրագիր մը, որ յառաջ տարուեցաւ երկու փուլով։ Նախագիծը կ՚ընդգրկէր նաեւ կայարանի խարսխուած գետնի ամրացումը՝ հաւանական երկրաշարժի մը դէմ դիմադրունակութիւնը բարձրացնելու առաջադրութեամբ։ Այս ընթացքին հնագիտական պեղումներ ալ տեղի ունեցաւ կայարանի ընդարձակ համալիրէն ներս։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, արդէն կայարանի վերանորոգման աշխատանքներու 90 տոկոսը աւարտած է՝ մանաւանդ, որ վերատեղադրուած է խորհրդանշանակ ժամացոյցը։ Աշխատանքներու հասունացման զուգահեռ՝ Հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլուն ալ այցելեց պատմական կայարանը։ Այս առթիւ նախարարը յայտարարեց, որ համալիրէն ներս պիտի հաստատուի աշխարհի առաջին հնաամրոցը (արքէոփարք)։ Սա աննախընթաց նախաձեռնութիւն մըն է։ Ընդհանուր առմամբ, 475 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան մասին է խօսքը։ 400 հազար քառակուսի մեթրի պարագային հնագիտական ամրոց մը պիտի ստեղծուի։ Մնացեալ 75 հազար քառակուսի մեթրի պարագային երկաթգծի ծառայութիւն պիտի մատուցուի։

Ուրալօղլու յիշեցուց, որ շուրջ երեք տարուան ընթացքին վերանորոգման ծրագիրը բաւական յառաջացած է՝ միշտ հաւատարիմ մնալով պատմական շէնքի դիմագծին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024