ԲԱԶՄԱԶԳ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հնդկաստան առաջին անգամ բազմազգ զօրավարժութիւններ կը հիւրընկալէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկրի Թամիլ-Նատու նահանգին մէջ նախընթաց օր սկսան ռազմաօդային ուժերու առաջին բազմազգ ռազմափորձերը, որոնց կը մասնակցին Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն եւ Սպանիայէն ռազմաօդանաւեր։ Զօրավարժութիւններուն առաջին փուլը կ՚աւարտի օգոստոսի 14-ին։ Ռազմափորձերու երկրորդ փուլը, որ նախատեսուած է Ռաճաստանի նահանգին մէջ, պիտի սկսի օգոստոսի 29-ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի 12-ը։ Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին 67 կործանիչներ ու ռազմաօդանաւեր տասն երկիրներէ եւ տասնութ երկիրներէ ալ դիտորդներ։
Հնդկաստան այս ռազմափորձերուն կը մասնակցի շուրջ 80 կործանիչով, ռազմաօդանաւով եւ ուղղաթիռով։ Զօրավարժութիւններուն նպատակն է ամրապնդել Հնդկաստանի զինեալ ուժերու գործունակութիւնը եւ ռազմավարական համագործակցութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ։ Բաց աստի, Հնդկաստան կը ներկայացնէ իր պաշտպանական արդիւնաբերութեան կարողութիւնները՝ զօրավարժութիւններու շրջանակէն ներս կազմակերպուած ցուցադրութիւններու միջոցաւ: