Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի քաղաքապետարանը որոշած է նոր կարգադրութիւններու դիմել՝ «Մայր Հայաստան» արձանին համար։ Սա մայրաքաղաքի ամենախորհրդանշական յուշարձաններէն մին է, որ ձեւով մը կը վերահսկէ անոր ընթացքը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Մայր Հայաստան»ը գեղարուեստական նոր լուսաւորութիւն պիտի ունենայ։ Այս նպատակով պիտի արդիականացուին անոր համապատասխան սարքաւորումները։ Այսպէս, մետաղահալոժէն լամբերը պիտի փոխարինուին լետ լուսարձակներով, որոնք աւելի նպաստաւոր են նաեւ ելեկտրական ուժանիւթը խնայելու առումով։
«Մայր Հայաստան»ը գիշերները պիտի շողայ 2400 վաթ հզօրութեամբ չորս լուսարձակի տակ։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024