ԸՄԲԻՇ ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱՅԼՈՎ ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Հայկական մարզաշխարհին տեսակէտէ երէկ հակասութիւններու օր մըն էր։ Հայաստանի հաւաքականէն ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան արծաթէ մետայլ նուաճեց, Փարիզի Ողիմպիականներուն։ Բնականաբար, Ողիմպիական խաղերուն մէջ նուաճուած արծաթէ մետայլը լուրջ ձեռքբերում մըն է, սակայն, բոլորը Արթուր Ալեքսանեանէն աւելի լաւը կ՚ակնկալէին։ Ան Հայաստանի հաւաքականի ամենայաւակնոտ մարզիկն էր եւ բոլորը ոսկէ մետայլի յոյս դրած էին իր վրայ՝ քանի ան աւելի առաջ հասած էր այդ նպատակին։ Ուստի, մեծ յոյսերով եւ խանդավառութեամբ սկսած երէկուան օրը եզրափակուեցաւ յուզումնախառն զգացումներով։

Փարիզի Ողիմպիականներու շրջանակներէն ներս, «Շամ-տը-Մարս Արենա»ի մէջ, յունահռովմէական ոճի ըմբշամարտի 97 քիլօկրամի կարգի եզրափակիչ խաղին Արթուր Ալեքսանեանի մրցակիցն էր Իրանէն՝ Մուհամմէտհատի Սարաւի։ Ալեքսանեան եզրափակիչ փուլին 4-1 արդիւնքով զիջեց մրցակցին՝ բաւարարուելով արծաթէ մետայլով։

Հայկական ըմբշամարտի առասպել Արթուր Ալեքսանեան աւելի առաջ 2016 թուականին Ռիոյի Ողիմպիականներուն ոսկէ մետայլ նուաճած էր։ 2020-ին Թոքիոյի Ողիմպիականներուն ան տիրացած էր արծաթէ մետայլի։ 2022-ին Լոնտոնի Ողիմպիականներուն եղած էր պրոնզէ մետայլակիր։ Բաց աստի, Արթուր Ալեքսանեան եղած է չորս անգամ աշխարհի եւ եօթ անգամ Եւրոպայի ախոյեան։ Երէկուան արդիւնքով ան Ողիմպիական խաղերուն մէջ երկրորդ անգամ արծաթէ մետայլի արժանացաւ։

Նոյնպէս երէկ, Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն պրոնզէ մետայլակիր դարձաւ ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան՝ 77 քիլօկրամի կարգին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024