ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՓԱՐԻԶ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Փա­րիզ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը մաս­նակ­ցի Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն դէմ բռնու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ձօ­նուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վին, ո­րուն հրա­ւի­րուած են շուրջ վեց տաս­նեակ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ։ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն առ­ջեւ առ­կայ հիմ­նախն­դիր­նե­րը։

ՀԱՐ­ՑԱԶ­ՐՈՅՑ

Մինչ այդ, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Սու­րիոյ մէջ բնա­կող հա­յե­րը մաս կը կազ­մեն այդ երկ­րի ժո­ղո­վուր­դին ու ներ­կա­յիս կը գտնուին շատ ծանր դրու­թեան մէջ։ Պրա­զի­լա­կան «Էս­թա­տաօ» պար­բե­րա­կա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Նալ­պան­տեան նշեց, թէ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կէն ելք մը գտնե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է նախ եւ ա­ռաջ դադ­րեց­նել ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ա­ւե­լի վերջ պէտք է երկ­խօ­սու­թեան ձեռ­նար­կել Սու­րիոյ բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան։ Եր­րորդ՝ պէտք է յար­գել փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը նե­րա­ռեալ՝ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, նե­րա­ռեալ՝ հայ փոք­րա­մաս­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը։ Ու­ժե­րը պէտք է հա­մախմ­բել՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ ա­հա­բեկ­չա­կան խում­բե­րու դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար։ Նալ­պան­տեա­նի հա­մոզ­մամբ, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը իս­կա­կան վտանգ մը կը հա­մա­րուի ո՛չ միայն փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, քրիս­տո­նեա­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ, այլ ընդ­հան­րա­պէս՝ տա­րած­քաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար եւ տա­րած­քաշր­ջա­նէն դուրս։ «Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է ջան­քե­րը հա­մախմ­բէ՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի մէջ», ը­սաւ Եդուարդ Նալ­պան­տեան։

Նոյն հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Նալ­պան­տեան դի­տել տուաւ, թէ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ շուրջ 14 հա­զար սու­րիա­հայ կը գտնուի։ Այլ ո­րոշ եր­կիր­նե­րու մէջ կրնայ փախս­տա­կան­նե­րու թի­ւը շատ ա­ւե­լի բարձր ըլ­լալ, սա­կայն Հա­յաս­տա­նի նման երկ­րի մը հա­մար սա շատ մեծ թիւ մըն է։ «Ի հար­կէ, մենք կը փոր­ձենք ա­ջակ­ցիլ ա­նոնց, ո­րոնք կու գան Հա­յաս­տան։ Սա­կայն տա­կա­ւին ու­նինք մեծ թի­ւով՝ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր, ո­րոնք կ՚ապ­րին Սու­րիոյ մէջ, նե­րա­ռեալ Հա­լէ­պը։ Շատ դժուար է յստակ թիւ մը ը­սել։ Այս պատ­ճա­ռով ալ մեր ա­ւագ հիւ­պա­տո­սու­թիւ­նը եր­բեք չէ դադ­րե­ցու­ցած Հա­լէ­պի մէջ իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ այ­սօր կը հան­դի­սա­նայ այն­տեղ գոր­ծող միակ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը։ Ի հար­կէ, մենք ու­նինք մեր դես­պա­նու­թիւ­նը Դա­մաս­կո­սի մէջ։ Այդ երկ­րէն ներս ըն­թա­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը մե­զի կը հաս­նի ոչ միայն դես­պա­նա­տու­նէն եւ հիւ­պա­տո­սա­րա­նէն, այլ նաեւ՝ Սու­րիոյ մէջ բնա­կող հա­յե­րէն», ը­սաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015