ԱՓՐԻԿԷԻ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Աթթաֆը, որու այցելութեան առթիւ թրքական կողմը Ափրիկէի վերաբերեալ կարեւոր պատգամներով հանդէս եկաւ։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Ափրիկէի տագնապներուն պատճառը կը հանդիսանան ծաւալապաշտ միջոցները եւ Թուրքիոյ այս ցամաքամասին ուղղեալ նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին։

Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս տեղի ունեցած նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հաքան Ֆիտան խօսեցաւ Ափրիկէի վերջին իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ պետական հարուածներուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ այս ցամաքամասի առկայ խնդիրները ունին երկու հիմնական պատճառ։ Առաջին՝ Ափրիկէի մէջ՝ մանաւանդ ուշ անկախացած երկիրներէն ներս խնդիրներ առկայ են պետութեան եւ քաղաքական համակարգի կայացման ուղղութեամբ։ Արդարեւ, հնարաւոր չ՚ըլլար տնտեսական վերելքի հասնիլ. բան մը, որուն վրայ կու գան աւելնալ ենթակառուցուածքներու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նման խնդիրները, որոնց բոլորն ալ ծնունդ կ՚առնեն պետական համակարգի կայացած չըլլալէն։ Երկրորդ կարգի վրայ կու գան արտաքին միջամտութիւնները։ Սա կը վերաբերի կարգ մը ծաւալապաշտ ուժերու կողմէ Ափրիկէի պարագային որդեգրուած քաղաքականութիւններու միջոցներուն։ Ուստի, Ֆիտան համոզուած է, թէ այս երկու պատճառներուն հետեւանքով Ափրիկէի մէջ տեւաբար կը հրահրուին քաղաքական տագնապներ։

Հուսկ, նախարարը շեշտեց, որ Թուրքիա Ափրիկէի ուղղեալ նախաձեռնութիւնները սիստեմաթիք ձեւով կը տեւականացնէ։ «Բոլոր կողմերուն համար հնարաւորութիւններու հեռանկարով համագործակցութեան մոտելի մը հետեւիլ կը շարունակենք», եզրափակեց նախարարը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023