Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՅՔԱՐ
Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց, որ յառաջիկայ շրջանին ամսաթոշակները պիտի կարգաւորուին՝ նպատակադրուած գնաճի համեմատութեան հիման վրայ։ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտեթ Եըլմազի եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Հաֆիզէ Կայէ Էրքանի հետ համատեղ յայտարարութիւններու ժամանակ Մեհմէտ Շիմշէք յայտնեց, որ որեւէ ժամանակ գնաճի տակ պիտի չճզմուին հանգստեան կոչուածները, պաշտօնեաները եւ բոլոր անոնք, որոնք նուազագոյն աշխատավարձ կը ստանան։
Իր կարգին, Հաֆիզէ Կայէ Էրքանն ալ դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ շրջանին գնաճը անպայման հակակշռի տակ պիտի առնուի։ Իր խօսքով՝ մասնաւորապէս 2024 թուականին ամէն ինչ պիտի կատարուի, որպէսզի գնաճը վերածուի հակառակին։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023