ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ

Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ, Ռուսաստանի խաղաղապահներու հսկողութեան տակ գտնուելով հանդերձ, Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած Լեռնային Ղարաբաղի երեք երիտասարդ բնակիչները՝ Ալէն Սարգսեան, Լեւոն Գրիգորեան եւ Վահէ Յովսէփեան երէկ վերադարձուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան։ Երկու երկիրներու սահմանի Հակարիի կամուրջի տեղամասին անոնք յանձնուեցան Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերուն։ Արցախցի այդ ուսանողները օգոստոսի 28-ին Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան ուղեւորուելու ժամանակ արգելանքի տակ առնուած էին։

Միւս կողմէ, Կարմիր խաչի ինքնաշարժներով, Արցախէն այս առաւօտ 10 հիւանդ բուժման նպատակով փոխադրուեցաւ Հայաստան։ Կը հաղորդուի, որ երեք հիւանդի պարագային կան ուղեկիցներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023