ՀԲԸՄ-Ի ԿՈՂՄԷ ԴԻՄՈՒՄ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հրապարակեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ուղղեալ կոչ մը, պահանջելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման որպէս ցեղասպանութիւն որակուիլը։ Դիմումին մէջ այս պահանջը հիմնաւորուած է՝ իրաւապաշտպաններու եւ միջազգային գործակալութիւններու կողմէ այժմ այդ պաշարման պարագային օգտագործուած որակումով։
Հարկ է նշել, որ անցեալ օգոստոսին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան այս խնդիրը մասնաւոր նամակով մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նկատառման յանձնած էր եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի երկիրներուն ուղղեալ այժմու դիմումն ալ այդ նախաձեռնութեան շարունակութիւնն է։ Սեդրակեանի նամակները հասցէագրուած են Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու՝ ՄԱԿ-ի մօտ մշտական ներկայացուցիչներուն։ Նոյն նամակներուն պատճէնները ուղարկուած են նաեւ տուեալ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն։
«Ժամանակն է խօսքերը հիմնաւորել նաեւ գործերով եւ հրատապ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել ցամաքով կամ միջանկեալ՝ օդային փոխադրման միջոցաւ՝ կանխելու համար ցեղասպանութեան սպառնալիքը, որ կ՚ահագնանայ սովի եւ հիւանդութիւններու պատճառով», շեշտուած է Պերճ Սեդրակեանի նամակներուն մէջ։