ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները անդրադարձան Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով այլ զանազան նիւթերու։ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու ամուր զարգացման բերումով։ Ըստ իրեն՝ բարձր մակարդակի վրայ քաղաքական երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի եւ յառաջիկային կողմերը պիտի շարունակեն զանազան առիթներով մանրամասնօրէն ձեռք առնել տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խնդիրները։

Զրոյցի ընթացքին Էրտողան շնորհաւորեց Փութինի տարեդարձը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2024