ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԱՊՀ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ ԵՒ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։ Գագաթաժողովի պաշտօնական բացման ընդառաջ, երէկ, Փութին երկկողմանի անպաշտօն հանդիպումներ ունեցաւ կազմակերպութեան անդամ զանազան երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Այս ծիրէն ներս տեղի ունեցան նաեւ իր հանդիպումները՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցան այս առանձին զրոյցները՝ երկկողմանի ձեւաչափով։ Փութինի միջազգային յարաբերութիւններու գծով օգնականը՝ Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ քննարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցերը։ «Ռուսաստան այս ուղղութեամբ աշխոյժ դրական դեր կը խաղայ», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Եուրի Ուշաքով նշեց, որ իր երկրին տեսակէտէ ողջունելի չէ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայուած ըլլալը։ «Ափսոսանքով պիտի նշեմ, որ այդ առաքելութիւնը կ՚ընդլայնուի։ Յունիսին անոր կազմին մէջ 138 հոգի կար, այժմ՝ մօտաւորապէս 210։ Եւ կը նախատեսուի, որ առաքելութեան կազմը հասնի մինչեւ 600 հոգիի։ Թէ ինչո՞վ զբաղած են անոնք այնտեղ, կարելի է, ի հարկէ, պատկերացնել», ըսաւ Ուշաքով։

Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ դիտել տուաւ, որ ՆԱԹՕ կը փափաքի ձուկ որսալ պղտոր ջուրերու մէջ։ Ան ընդգծեց, որ Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան աշխուժօրէն կը համագործակցին բոլոր ոլորտներէն ներս՝ մեկնակէտ ունենալով ո՛չ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը, այլեւ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման կարեւորութիւնը։ «Մենք կը տեսնենք հաւաքական Արեւմուտքի երկիրներու՝ ՆԱԹՕ-ի՝ պղտոր ջուրերու մէջ ձուկ որսալու, իսկ մինչ այդ այդ ջուրը խառնելու մեծ փափաքը։ Կը կարծեմ, թէ այս բանին լաւ կը գիտակցին Ատրպէյճանը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի միւս երկիրները», ըսաւ Զախարովա, որու համոզմամբ՝ Հարաւային Կովկասի երկիրները պէտք է այնպէս մը ընեն, որ աշխարհի զանազան մասերէ ներս առկայ ապակայունացումը չտարածուի այս տարածաշրջանին վրայ։ Արդարեւ, Հարաւային Կովկասը բազմաչարչար տարածաշրջան մըն է, անցած է բազմաթիւ հակամարտութիւններու, արիւնալի, դաժան պատերազմներու ընդմէջէն։ Զախարովայի խօսքով՝ այդ բոլորը սպիներ թողած են զանազան ազգերէ մարդոց սրտերուն մէջ։ «Ուստի, ով որ կ՚ուզէ խաղաղութեան երթալ, օգնել, բոլորը ողջունելի են։ Իսկ անոնք, որոնք ոչ թէ քար, այլ նոյնիսկ դանակ կը պահեն իրենց ծոցին, թող հեռանան մեր տարածաշրջանէն։ Մենք միասին այնքան ջանքեր գործադրած ենք՝ այս տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար», ըսաւ ռուս բանբերը։

Միւս կողմէ, երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ մասնակցեցաւ այս հաւաքին, որու ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Նախարարաց այս հաւաքի արդիւնքով հրապարակուեցաւ երկու համատեղ յայտարարութիւն։ Յամենայնդէպս, Հայաստան չմիացաւ ԱՊՀ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին կողմէ հրապարակուած այս երկու համատեղ յայտարարութիւններուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2024