ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԱՄՊՈՒՐԿԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա, ուր կը մասնակցի Համպուրկի կայունութեան համաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, համաժողովի պաշտօնական բացման մասնակցելէ վերջ Վահագն Խաչատուրեան ներկայ գտնուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Օլաֆ Շոլցի տանտիրութեամբ կազմակերպուած աշխատանքային ճաշին։ Սեղանակիցներու շարքին էին համաժողովին մասնակից երկիրներու ղեկավարները։ Աշխատանքային ճաշի ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան ու զարգացման մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու հնարաւորութիւններուն եւ ուղիներուն վերաբերեալ հարցեր։ Ընդգծուեցաւ յանուն վերոյիշեալ նպատակներու իրականացման համընդհանուր ջանքերու մէկտեղման կարեւորութիւնը։
Նախագահ Խաչատուրեան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Համպուրկի կայունութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ Հայաստան կը յուսայ՝ մինչեւ COP29-ը ստորագրել Ատրպէյճանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագիրը։ «Եթէ գործը միայն մեզի վերաբերէր, մենք կը ստորագրէինք այդ մէկը հիմա իսկ, այսօր», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ վաղ թէ ուշ արդիւնքի հասնելու ուղղութեամբ յոյս կայ։ Վահագն Խաչատուրեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի պաշտօնատարներուն հետ տակաւին բանակցութիւններ կ՚ընթանան շարք մը այլ յօդուածներու շուրջ։ Համպուրկի մէջ ան տեղեկացուց, որ յաջողութեամբ կ՚ընթանան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւնները՝ մանաւանդ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագիրի տէր անձերու համար բանալու ուղղութեամբ։
Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի հիւրընկալմամբ յառաջիկայ նոյեմբերին Պաքուի մէջ նախատեսուած է ՄԱԿ-ի կլիմայի հարցերով գագաթաժողովը՝ COP29-ը, որու ընդառաջ միշտ օրակարգի վրայ է ինչպէս խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը, այնպէս ալ հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման հարցը։