ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայան եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան, որ միեւնոյն ժամանակ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։ Թաղականները Պատրիարքարան այցելած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար՝ ընտրութիւններէն վերջ իրենց պաշտօնական վաւերացման վկայականները ստացած ըլլալով։
Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, ընտրական շրջանին վերաբերեալ ընդհանուր արժեւորումէ մը վերջ, զրոյցի տեւողութեան կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան համայնքի օրակարգային հարցերուն շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց, որ Օրթագիւղի նորընտիր թաղային խորհուրդը գիտակցութիւն կը դրսեւորէ համայնքի խնդիրներուն կապակցութեամբ՝ մասնաւորապէս տնտեսական առումով։ Հուսկ, ան իր օրհնութիւնը տուաւ բոլոր թաղականներուն եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց անոնց՝ յառաջիկայ գործունէութեանց համար։