ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ
Ատրպէյճանի մէջ կը նշուի Արցախի Բ. պատերազմին տարուած յաղթանակին երրորդ տարեդարձը։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Ստեփանակերտի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցած է զինուորական շքերթ մը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախօրէին այցելեց Արցախի այն շրջանները, ուրկէ վերջերս հայերը տարհանուեցան։ Իրեն ընկերացան առաջին տիկին Միհրիպան Ալիեւան եւ որդին՝ Հայտար Ալիեւը։
Այսօրուան շքերթին ընդառաջ Պաքուէն կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշուած է, որ Ատրպէյճան թէեւ հասած է իր նպատակներուն, սակայն տակաւին պահանջներ ունի Հայաստանէն։ Այսպէս, կը պնդուի, որ Հայաստան մերժած է Ատրպէյճանին վերադարձնել ութ գիւղեր, որոնք ցարդ բռնագրաւման տակ կը գտնուին։ Ըստ նոյն պնդումներուն, Արցախի առաջին պատերազմէն վերջ հայկական կողմը բռնագրաւած է Ղազախի շրջանի եօթ գիւղերն ու Նախիջեւանի Սետերեքի շրջանէն գիւղ մը։
Երեւան այս բոլորին պաշտօնապէս կը հակադարձէ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս յայտարարած էր, որ Հայաստանն ալ ունի ութ գիւղերու խնդիր։
Շքերթին ընդառաջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Ատրպէյճան չէ բացայայտած Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները, սակայն յորդորած է, որ Հայաստան արդար ու շինիչ ըլլայ եւ ճիշդ ըմբռնէ տարածաշրջանային իրողութիւնները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Հայկական կողմը պէտք է վերջապէս գիտակցի, թէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը այլընտրանք չունին»։
Արցախի ամբողջական հայաթափումէն ի վեր, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը 10 մշտական եւ 16 ժամանակաւոր դիտակէտ փակած է եւ անոնց վերջնական ճակատագիրը անստոյգ է։ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները կը տեսասփռեն դրուագներ, ուր կը ցոլանայ, թէ խաղաղապահները կ՚իջեցնեն Ռուսաստանի դրօշակը ու տուեալ վայրին մէջ կը մնայ միայն Ատրպէյճանինը։ Խաղաղապահներու զէնքն ու զինամթերքն ալ ուղարկուած է Ռուսաստան եւ պաշտօնական աղբիւրները այս երեւոյթը այնպէս մը կը բանաձեւեն, թէ այդ քայլը կ՚առնուի՝ ծրագրաւորուած վերանորոգման համար։