ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Երեւան-Ուաշինկթըն համագործակցութիւնը Սպիտակ տան նոր վարչախումբի ղեկավարման ժամանակ եւս բարեյաջող կ՚ընթանայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները հաստատութենական կայուն հիմքեր ունին։ Կոստանեան նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի աշխատի ԱՄՆ-ի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած նախագահին հետ։
Այս տարի յայտարարուած էր, որ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու մակարդակը ռազմավարական երկխօսութենէն կը փորձեն բարձրացնել ռազմավարական գործընկերութեան։ Այս առումով խտացեալ աշխատանքներ կը տարուին։ Կոստանեան վստահութիւն յայտնեց, թէ նոր վարչակազմի օրով ալ այդ աշխատանքները բարեյաջող կ՚ընթանան եւ աւարտին կը հասցուին։
Վահան Կոստանեան ընդգծեց, որ Հայաստան-ԱՄՆ համագործակցութեան մէջ տնտեսական երեսակի ամրապնդման համար ալ ջանքեր կը գործադրուին։ Իր խօսքով՝ Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները խարսխուած են ընդհանուր արժէքներու վրայ եւ անոնց շարքին կ՚առանձնանայ ժողովրդավարութիւնը։