ՅՈԲԵԼԵԱՆ. ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐ 360°

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ եզակի եւ ուշագրաւ ձեռնարկ մը։ Անմոռանալի արուեստագէտ Երուանդ Քոչարի 125-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ կոչուած էր «ՔՈՉԱՐ 360°»։ Այս էնսթալասիոն-կատարումը ցոլացուց Երուանդ Քոչարի պատկերային ու տարածական ուրոյն մտածողութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բազմաժանր այս նախագիծը պարի, կենդանի երաժշտութեան եւ պատկերասփռուած վիտէօ-տեսակէտներու միաձոլումն էր։ Ծրագրի համահեղինակներն էին՝ Ֆրանսայէն նշանաւոր պարուսոյց Մուրատ Մերզուքի եւ բեմադրիչ Սաթէ Խաչատրեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024