ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։ Երկու ղեկավարները Քրեմլինի պալատին մէջ բանակցութիւններ վարեցին՝ արժեւորելով երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքն ու միջազգային իրադրութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ անոնք առանձնապէս անդրադարձան Կազզէի պատերազմին։

Թէեւ պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ շեշտադրումները ուղղակիօրէն Հարաւային Կովկասին չեն վերաբերիր, սակայն, Փութին եւ Ռայիսի շօշափած են նաեւ տարածաշրջանային հարցեր եւ ակնյայտ է, որ Ռուսաստանի եւ Իրանի մօտեցումները ուղղակիօրէն կրնան պայմանաւորել Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2023