ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան կոչուեցաւ նոր ու կարեւոր պաշտօնի մը։ Այսպէս, ան Եթովպիոյ Դաշնակցային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուեցաւ։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ստորագրեց համապատասխան հրամանագիրը՝ հիմք ընդունելով վարչապետին առաջարկը՝ համաձայն երկրի Սահմանադրութեան եւ պատկան օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն։

Ուստի, յառաջիկայ շրջանին Սահակ Սարգսեան պաշտօնի պիտի ձեռնարկէ Ատիս Ապապայի մէջ։ Հայաստան այս շրջանին կը ջանայ Ափրիկէի հետ յարաբերութիւններուն մէջ կենսունակութիւն մը ապահովել եւ նորանշանակ դեսպան Սահակ Սարգսեանին կարեւոր դերակատարութիւն պիտի վիճակի այս ճանապարհին վրայ։ Սահակ Սարգսեան, որ Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարութեան տարիներուն ապացուցած է իր մասնագիտական կարողութիւնները, վստահաբար յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք դեսպան Սահակ Սարգսեանը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իր գործունէութեան համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2023