ՃԳՆԱԺԱՄԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու վատթարացումը։ Երկու նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին այս հարցին շուրջ, մինչ Փութին կրկնեց, թէ բարդութիւնները յառաջացած են Թուրքիոյ կողմէ, հետեւաբար յարաբերութիւններու բնականոնացման նախաձեռնութիւնը կը վիճակի թրքական կողմին։ Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ շաբաթավերջին Աստանայի մէջ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ զրուցելու ժամանակ Նազարպայեւ նշած էր, թէ Ղազախիստանի տեսանկիւնէն մեծ խնդիր մը դարձած է Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու առկայ ճգնաժամը։ Ան ընդգծած էր ստեղծուած իրադրութենէն դուրս գալու նպատակով ուղիներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը։