ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԻՎԼԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՊՐԻԼԻ 24-Ի ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին պիտի մասնակցի 2015-ի ոգեկոչումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ապրիլի 24-ին տեղի պիտի ունենայ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակութեան ձօնուած աղօթք մը 1915-ի դէպքերու 100-րդ տարելիցին շրջագծով։ Այս աղօթքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ռէուվէն Ռիվլին, որ նոյն առթիւ պիտի այցելէ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը։ Իսրայէլի հայկական շրջանակները կը մատնանշեն, թէ նախագահը հայ ժողովուրդի բարեկամն է։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն կողմէ հաղորդուած մանրամասնութիւններուն, Իսրայէլի զանազան համալսարաններէն ներս 2015 թուականի տեւողութեան նախատեսուած են դասախօսութիւններ, գիտաժողովներ եւ այլ ելոյթներ, գիրքերու հրատարակութիւնով եւ ցուցահանդէսներու կազմակերպումով հանդերձ։