ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւանի համար առաջնահերթութիւն կը համարուի հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու զարգացումը։
Արարատ Միրզոյեան, որ վերջերս Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցեցաւ, կեցութեան օրերուն հարցազրոյց մը տուաւ «TRT World»ին։ Անցեալ շաբթուան մէջ հրապարակուած էր նախարարին «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին բովանդակութիւնը։ Այս շաբաթավերջին ալ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ «TRT World»ին տրուած հարցազրոյցին մանրամասնութիւնները հրապարակուեցան։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը հաղորդեց նաեւ հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
Միրզոյեան այս առթիւ ընդգծած է, որ Հայաստանի ժողովուրդը ընտրած է հասարակական կեանքի կառուցման ժողովրդավարական ուղին։ «Այս ճանապարհին մենք կը տեսնենք, որ Եւրոմիութիւնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մեծապէս կ՚աջակցին մեր ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, հաստատութենական փոփոխութիւններուն։ Ընդհանուր առմամբ, կարեւոր է հնարաւորինս տեսակաւորել, ընդլայնել գործընկերներու, դաշնակիցներու շրջանակը։ Այսպէսով, սա այն ճանապարհն է, որով մենք յառաջ կ՚երթանք՝ էականօրէն խորացնելով մեր յարաբերութիւնները ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի հետ, միաժամանակ պահպանելով աւանդական կապերը կամ. օրինակ՝ նայելով նաեւ դէպի Արեւելք։ Գիտէք՝ մենք կը կառուցենք լիովին նոր որակի յարաբերութիւններ Հնդկաստանի հետ եւ այլն։ Ի հարկէ, կը փափաքիմ նաեւ շեշտադրել մեր առաջնահերթութիւնը՝ կարգաւորել եւ առաջին հերթին զարգացնել յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ։ Սա է մեր արտաքին քաղաքականութեան կարճ բնութագիրը», ըսած է հարցազրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան։