ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՋԱՆՔԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստ է Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի մասնակցութեամբ կազմակերպուելիք խաղաղութեան գագաթաժողով մը հիւրընկալելու։

Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ ընդունեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Բանակցութիւնները տեղի ունեցան Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ։ Բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ ի սկզբանէ թրքական կողմը Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի բանակցութիւններու հիմքով վերջ գտնելուն համար իր հնարաւոր նպաստը ցուցաբերած է եւ կը շարունակէ ցուցաբերել։ Ան յայտնեց, որ անցեալ տարուան յուլիսէն վերջ թրքական կողմը ուրախ է վերստին հիւրընկալելով Զելենսքին։ Իր խօսքով՝ Անգարա պիտի շարունակէ իր ջանքերը, որպէսզի պատերազմը արդար խաղաղութեամբ եզրափակուի։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարա յամառօրէն հետամուտ կը մնայ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի գործարքի վերականգնման նպատակով։ Նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց, որ հակառակ պատերազմին՝ Թուրքիա-Ուքրայնա երկկողմանի առեւտուրը կայուն ձեւով կ՚ընթանայ։ Ան վերահաստատեց Ուքրայնայի ամբողջականութեան ի նպաստ նեցուկը եւ աւելցուց, որ Խրիմի թաթարներու Ուքրայնայէ ներս գոյութիւնը գործօն մըն է, որ երկու կողմերու միջեւ բարեկամութիւնը կ՚ամրապնդէ։ Նախագահը յիշեցուց, որ Խրիմի թաթարները Ուքրայնայի անանջատելի մասը կը նկատուին ու կը պայքարին երկրի տարածքային ամբողջականութեան վերահաստատման համար։ Երէկուան բանակցութիւններուն ի շարունակութիւն Անգարայի եւ Քիեւի միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը՝ առեւտուրի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան զարգացման համար։

Էրտողանի բանաձեւումով՝ այս տագնապի շրջանակէն ներս այժմ գոյութիւն ունի երեք հիմնական առաջնահերթութիւն։ Անոնցմէ մին է սնունդի անվտանգութիւնը, միւսը գերիներու փոխանակումը, իսկ երրորդը՝ նաւագնացութեան վերաբերեալ երաշխիքները։

Զելենսքիի հետ տեսակցութեան ընթացքին Էրտողանի կողքին էին՝ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն, հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն, պաշտպանական արդիւնաբերութեան գործակալութեան ղեկավար Հալուք Կէօրկիւն, արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ, ինչպէս նաեւ Քիեւի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Լեւենտ Պիլկէն։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024