ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ռազմավարական դրութեան 7-րդ ժողովը։ Բանակցութիւնները գլխաւորեցին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն։ Այս առթիւ ծաւալուն քննարկումներ կատարուեցան՝ Անգարա-Ուաշինկթըն համատեղ օրակարգի նիւթերուն շուրջ։ Բանակցութիւններէն առաջ յայտարարուած էր, որ Ֆիտան եւ Պլինքըն կ՚արժեւորեն նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Յամենայնդէպս, տեսակցութեան յաջորդած առաջին հաղորդումներուն մէջ խոշորացոյցի տակ դրուած են Կազզէի պատերազմին վերաբերեալ հանգամանքները։ Այսպէս, Հաքան Ֆիտան շեշտած է, որ Կազզէի կացութիւնը հրատապ է եւ անմեղ մարդոց ցաւերը մեղմացնելու համար պէտք է շարժման անցնիլ փութով։
Բանակցութիւններու սկիզբին Հաքան Ֆիտան մատնանշեց, որ օրակարգի վրայ են Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, Սեւ ծովու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ բազում տարածաշրջանային նիւթեր։ Ըստ Ֆիտանի, Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան զուգահեռ Թուրքիա եւ ԱՄՆ ընդհանուր արժեւորումի մը կ՚ենթարկեն նաեւ դաշինքի այժմու կացութիւնը։
Միւս կողմէ, Ռազմավարական դրութեան ձեւաչափի բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ երէկ, Ուաշինկթընի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պուրաք Աքչափարի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Քուրտ Քեմփպըլի միջեւ։ Ուաշինկթընի դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման հարցը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր տեղեկացուց, որ Քուրտ Քեմփպըլ եւ Աքչափար քննարկած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային առաջնահերթութիւններու շուրջ Անգարա-Ուաշինկթըն ռազմավարական համագործակցութեան ապագայ ընդլայնման հարցերը, Կեդրոնական Ասիայէ ներս տնտեսական համագործակցութիւնը եւ Ասիոյ մէջ ու անկէ դուրս համատեղ աշխատելու այլ հնարաւորութիւնները։
Հարկ է նշել, որ Քուրտ Քեմփպըլ շուրջ ամիս մը առաջ նշանակուեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ։ Ըստ պաշտօնական կենսագրութեան՝ ան 67 տարեկան է։ Երիտասարդութեան տարիներուն, ուսանողական փոխանակման ծրագրի մը շրջանակներէն ներս, որոշ ժամանակ ուսում ստանալու համար գտնուած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ, Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս։