ՇՈՒԼՑԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլ­ցը, եւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Անն Պրա­սէօ­րը, ո­րոնք շփում­ներ ու­նե­ցան Ան­գա­րա­յի մէջ։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի մօտ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 15-ին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձեւ մը, Մար­թին Շուլ­ցի Ան­գա­րա­յի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցաւ այս խնդի­րը։ Շուլ­ցի այ­ցե­լու­թե­նէն ա­ռաջ ալ տե­ղա­կան մա­մու­լը անդ­րա­դար­ձած էր այս նիւ­թին, սա­կայն այ­սօ­րուան պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն հրա­պա­րա­կուած այս կա­պակ­ցու­թեամբ։ Կարգ մը կայ­քէ­ջեր կը մատ­նան­շեն, որ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ճե­միլ Չի­չէք Շուլ­ցի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին բա­ցատ­րած է թրքա­կան կող­մին պաշ­տօ­նա­կան մօ­տե­ցու­մը։ Հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ առ­հա­սա­րակ չէ խօ­սուած այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ Շուլ­ցի ար­տա­յայ­տած մօ­տե­ցում­նե­րուն շուրջ։

Ան­գա­րա­յի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, թրքա­կան կող­մը յայտ­նած է, որ կ՚ա-կընկա­լէ Մար­թին Շուլ­ցի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, որ­պէս­զի նոր գլուխ­ներ բա­ցուին՝ Թուր­քիոյ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով։

Միւս կող­մէ, Էր­տո­ղան ե­րէկ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ հայ­կա­կան հար­ցին։ Լրագ­րող մը ի­րեն հարց տուաւ, թէ հա­յե­րը մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ շատ լաւ պատ­րաս­տուած են 1915-ի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին, սա­կայն ան­ցեալ տա­րի Էր­տո­ղա­նի կող­մէ կա­տա­րուած ցա­ւակ­ցա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը գոր­ծած է շատ լուրջ ազ­դե­ցու­թիւն։ Թէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ այս տա­րուան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։ Ի պա­տաս­խան՝ Էր­տո­ղան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը.

«Այս տա­րուան պատ­գա­մը պի­տի փո­խան­ցենք Ապ­րի­լի 23-ին Իս­թան­պու­լի մէջ կա­յա­նա­լիք Խա­ղա­ղու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ Այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ ե­րե­սուն պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ եւ շուրջ տա­սը կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ։ Ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն եր­կիր­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լիք նա­խա­րար­ներ պի­տի գան։ Ա­ռա­ջին օ­րը Իս­թան­պու­լի մէջ պի­տի կա­տա­րենք գա­գա­թա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը եւ երկ­րորդ օ­րը միաս­նա­բար պի­տի ըլ­լանք Չա­նաք­քա­լէի մէջ։ Եր­րորդ օ­րը մեր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պի­տի ըլ­լան այն­տեղ, իսկ Աւստ­րա­լիոյ եւ Նոր Զե­լան­տա­յի նա­խա­գահ­նե­րը այն­տեղ մայ­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին։ Դար­ձեալ նոյն օ­րը, ա­ռա­ւօ­տեան ա­ղօթ­քէն վերջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ երթ մը։ Ան­ցեալ տա­րի ա­ւե­լի քան տա­սը հա­զար ե­րի­տա­սարդ կար, այս տա­րուան թի­ւը կրնայ ըլ­լալ ա­ւե­լի բարձր։ Եւ հի­մա Ա­ՍԱ­ԼԱ սպառ­նա­լիք­ներ կը տե­ղաց­նէ այն եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնք տե­ղե­կա­ցու­ցած են ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին։ Այ­սինքն ակն­յայ­տօ­րէն ե­րե­ւե­լի է, թէ ո՛վ, ի՛նչ բա­նէն կ՚ան­հանգս­տա­նայ։ Ի յայտ կու գայ նաեւ, թէ ով­քե՛ր կանգ­նած են ա­նոնց ե­տե­ւը»։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015