ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԻՏԱԼԻԱ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Իտալիա եւ Վատիկան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հռոմի մէջ, Սերժ Սարգսեան կը հիւրընկալուի Իտալիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ «Վիթթորիանօ» թանգարանին մէջ վաղը ան կը մասնակցի «Հայաստան. տապանի ժողովուրդ» խորագրեալ ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած է 2015-ի տարելիցին շրջագծով։
Շաբաթ, Ապրիլի 11-ին, Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ կը գտնուին Կարտինալ Սեփէի կողմէ մատուցուելիք Ս. Պատարագին։ Արարողութեան աւարտին բացումը կը կատարուի յուշակոթողի մը։ Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակը հանդիսաւորապէս կ՚օծուի այս առթիւ։
Հռոմի մէջ Սերժ Սարգսեան կը մէկտեղուի նաեւ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնին հետ։
Շաբաթավերջին՝ Կիրակի, Ապրիլի 12-ին Սերժ Սարգսեան կը գտնուի Վատիկանի մէջ, նոյնպէս Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ Սերժ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը ներկայ կը գտնուին Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ մատուցուելիք Ս. Պատարագին։ Նոյնպէս 2015-ի տարելիցին ձօնուած է այս արարողութիւնը, որուն կապակցութեամբ իտալական զանազան լրատուամիջոցներուն մօտ հրապարակումներ լոյս տեսան վերջին օրերուն։ Կը նախատեսուի, որ այս Ս. Պատարագին մասնակցութիւն բերէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։
Դէպի Հռոմ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեանին կ՚ընկերանայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան կ՚ըլլայ այն առաջին պետութեան ղեկավարը, որու ձեռքը պաշտօնական ընդունելութեան մը շարժառիթով կը թօթուէ Իտալիոյ նոր նախագահը՝ Սերճիօ Մաթարելլա։ Հետեւաբար, դիւանագիտական շրջանակները այս առումով առանձնայատուկ նշանակութիւն մը կը վերագրեն սոյն այցելութեան։