ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

Շատ խորագէտ հայեացքով դիտարկելու կարիք չկայ՝ հասկնալու համար, որ այսօրուան Իսրայէլը բոլորովին նոր Իսրայէլ մըն է։ Ի հարկէ, խնդիրը միայն անցեալ հոկտեմբերի «Համաս»ի գրոհով չէ պայմանաւորուած, այլ կան որոշ հիմնարար պատճառներ, որոնք կը խօսին խորքային տագնապի մը մասին։

Իսրայէլի հասարակութեան կարեւոր մէկ հատուածը սկսած է խօսիլ սոսկումներու մասին, որոնք մեծ հաշուով առընչուած են երկրի ապագային հետ։ Ինչպէ՞ս պիտի աւարտի Կազզէի պատերազմը։ Կան նաեւ շատ աւելի խոր հարցադրումներ, որոնք կապուած են երկրի անվտանգային համակարգին, բանակ-ժողովուրդ փոխադարձ վստահութեան, պատերազմի հետեւանքներու երկրի քաղաքական կեանքին վրայ ազեցութեան ու մանաւանդ՝ տնտեսական ոչ-յուսալի վիճակներուն հետ։

Եթէ պահ մը մէկդի դնենք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի պարագան եւ ընդունինք այն պարզ հաւանականութիւնը, թէ յառաջիկայ փուլին ան պիտի չըլլայ երկրի գլխաւոր դիրքին վրայ, ապա այստեղ ալ հարցեր պիտի ծագին, թէ ո՛ր յառաջատար դէմքը, ի՛նչ միջոցներ գործադրելով պիտի փորձէ վերականգնել երկրի առկայ վստահութեան հարցը։ Վստահութիւն՝ առաւելապէս անվտանգութեան համակարգին եւ բանակին հանդէպ, ինչ որ խորքին մէջ կը համարուի Իսրայէլի ատաղձ-միջուկը։

Պատերազմը, այո՛, շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ ո՛չ միայն անոր համար, որ բանակի տեսակէտէ այլեւս անկարելի դարձած է «Համաս»ը արմատախիլ ընել, այլեւ Իսրայէլի իբր թէ հմուտ բանակը գործած է ամեհի սխալներ։ Հազարաւոր անմեղ մարդոց կեանքին վերջ տուած, ամբողջ Կազզէն գետնի հաւասարեցուցած բանակը ունի անասելի եւ չսպասուած կորուստներ եւ յայտնուած է մեծ թակարդի մը մէջ, որ կը կոչուի «կողմնորոշման ծուղակ»։ Արդէն երկար ժամանակէ ի վեր Իսրայէլի կառավարութիւնն ու բանակը չէին գիտեր ու տակաւին ալ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Կազզէի յաջորդ օրը։ Այսինքն, եթէ վերջնականօրէն հրադադար մը յայտարարուի, ապա ի՞նչ պիտի ըլլան Իսրայէլի բանակի քայլերը։

Վստահութեան պակասը դարձած է մեծ ուրուական մը եւ այսօր կը հալածէ ամբողջ Իսրայէլը՝ իր ժողովուրդով, խաղաղութեան կամ նոյնիսկ պատերազմի հաւատացող հանրութեամբ, եկուորներով եւ վերաբնակեցեալներով, զոհուածներու ծնողներով եւ հազարաւոր վիրաւորներու քոյրերով ու մայրերով։

Արդարեւ, ուշագրաւ է այն դիտարկումը, որ կը խօսի Իսրայէլի «չափազանցուած տէրութիւն» մը ըլլալու մասին։ Այդ առումով ալ հրապարակ կը բերուին տասնեակ բոցավառ փաստարկներ, որոնք ճանապարհ կը բանան այն գաղափարին, թէ իրականութեան մէջ Իսրայէլը այն չէ, ինչ որ մօտաւոր անցեալին ներկայացուած էր որպէս հզօր, պատրաստուած եւ ռազմական ոգիով հանրութեան մը հաւաքավայրը, որուն թագն ու պսակը, անշուշտ, երկրի բանակն է։ Ու այստեղ է նաեւ, որ բանակին խոցելիութիւնը, անոր թոյլ օղակներն ու թոյլ կէտերը միայն տագնապի մը, մթագնած ամպերու տակ յայտնուած Իսրայէլի մը մասին չեն յուշեր, այլ առաւելապէս կը խօսին թերի ու սխալ կարծիքներու եւ պատկերներու մասին, որոնք մեծ հաշուով ունին ներքին տինամիք, երկար տարիներու սխալ ընկալումներ եւ անլուրջ գնահատական հակառակորդի մը մասին, որ նոյնիսկ դարձած է արաբ-իսրայէլեան հիմնախնդրի տէրն ու նախաձեռնողը։

Ամէն պարագայի, այս դիտարկումները կ՚ողողեն նաեւ Իսրայէլի մամուլը։ Լրագրողներն ու վերլուծաբանները արդէն առանց թաքցնելու եւ բաց ձեւով կը խօսին փոխադարձ վստահութեան խարխլուած ըլլալուն ու մանաւանդ՝ Իսրայէլի ապագային մասին։

Մօտաւոր անցեալին իրական եւ գետնի վրայ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցումը կապուած էր Կազզէի ապագային մասին։ Այսինքն ի՞նչ պիտի ըլլայ Կազզէի ապագան, երբ Իսրայէլի հզօր բանակի քանի մը շաբթուան ընթացքին կարողանայ ամբողջութեամբ մաքրել այդ շրջանը ահաբեկիչներէն։ Այսօր արդէն հարցափողի ուղղութիւնը այլ է եւ կը վերաբերի նոյնինքն Իսրայէլին, որուն վաղուան օրը տակաւին անյայտ ու անորոշ է։

Ամէն պարագայի, «Հաարեթց» պարբերականը այս բոլորին մասին հրապարակած է ուշագրաւ ակնարկ մը, որու մէջ շեշտուած է, թէ Իսրայէլի մէջ չկայ խորհրդարանական քաղաքական ընդդիմութիւն եւ նոյնիսկ՝ քաղաքացիական ընդդիմութիւն, բոլոր վերաբնակիչները զօրակոչիկներ են բանակին համար: «Մենք բոլորս զօրակոչուած ենք, որովհետեւ... Եթէ Իսրայէլի բանակին հանդէպ մեր կոյր վստահութիւնը վերանայ, մեր ամբողջ աշխարհը փուլ կու գայ։ Բնական երկիրներու մէջ ուսանողներու մեծամասնութիւնը խաղաղ է եւ կը ներկայացնէ հակադիրները իշխանութեան դիրքորոշման։ Բայց, սա չի վերաբերիր Իսրայէլին, ուր ուսանողներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ, երաժիշտներ եւ ակադեմականներ կ՚առաջնորդուին Իսրայէլի բանակի բանբերի խօսքերով», նշուած է յօդուածին մէջ։

Ըստ վերլուծութեան, Իսրայէլի մէջ արուեստը զօրակոչուած է, լրագրութիւնը զօրակոչուած է, ակադեմիան զօրակոչուած է. ամէն ինչ իրականութեան մէջ զօրակոչուած է բացարձակ յաղթանակի գաղափարին համար եւ ոչ ոք կը համարձակի կասկածի տակ դնել բանակի վստահելիութիւնը եւ անոր բարոյականութիւնը: Իսրայէլի բանակի Կազզէի մէջ ռազմական յանցագործութիւններու մասին որեւէ ապացոյց անմիջապէս կը դասուի որպէս հակասեմականութիւն:

Ինչ կը վերաբերի տքթ. Ռեճեւ Նաթանզընին, յօդուածին մէջ նշուած է, թէ համալսարանի լրագրութեան բաժնի ղեկավարութիւնը յայտարարած է, որ ան այլեւս չի ներկայացներ համալսարանը եւ ուսանողները պահանջած են զինք հեռացնել աշխատանքէն՝ այն պատճառով, որ ան ստորագրած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած խնդրագրին տակ։ Այդ նամակը կոչ էր Պայտընին՝ դադրեցնելու զէնքի եւ գումարի փոխանցումը Իսրայէլին՝ վախնալով, որ ցեղասպանութիւն կը գործէ Կազզէի մէջ։

Հակառակ այն տուեալներուն, թէ Կազզէի մէջ սպաննուած են աւելի քան 32 հազար բնակիչներ, որոնց 70 տոկոսը կանայք եւ երեխաներ են, հազարաւորներ թաղուած են փլատակներու տակ, նաեւ կան ռազմական յանցագործութիւններու մասին վկայութիւններ, այս բոլորը չ՚ոչնչացներ իսրայէլացիներու վստահութիւնը բանակին հանդէպ, ինչ որ ինքնախաբէութեան վառ օրինակ մըն է։

«Կայ որոշ համոզումի մը կառչիլը, մինչդեռ մեր աչքին առջեւ կը կուտակուին ատոր կեղծ ըլլալու ապացոյցները։ Անոր պատճառը այն է, որ բոլոր վերաբնակիչները մաս կը կազմեն այն կառոյցին, որուն վրայ հիմնուած է բանակի կերպարի վերաբերեալ անոնց տեսլականը: Իսրայէլի մէջ բոլորը զինուորներ են՝ ներկայիս, անցեալին եւ ապագային. մենք բոլորս նաեւ զինուորներու հայրերն ենք, եղբայրները եւ ընկերները, եւ եթէ այս պատկերը քանդուի, ամէն ինչ փուլ կու գայ», նշուած է յօդուածին մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024