ՊՈՒՐԻՉԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչը, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդունուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ տեսակցեցաւ Մարիա Պուրիչի հետ՝ անդրադառնալով տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, Հարաւային Կովկասի փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն։ Վարչապետ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծն ու անոր սկզբունքները։ Իր կարգին, Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարն ալ ընդգծեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը կրնայ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի կարեւոր նախադրեալներէն մին դառնալ։

Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու մարդասիրական խնդիրները, որոնց լուծման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ օժանդակութեան ապագայ քայլերուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն կամ դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024