Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԻ ՍԱՀՄԱՆԱԿԻՑ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԴԷՊՔԵՐ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ գիշեր Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած են դարձեալ զանազան դէպքեր։ Այսպէս, երէկ ժամը 22.50-ին, Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Արաւուսի եւ Խոզնաւարի հատուածներու հայկական պաշտպանութեան դիրքերը ոտնձգութեան ենթարկուած են Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ։
Բաց աստի, նախարարութիւնը անմիջապէս հերքած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հերթական անգամ տարածուած ապատեղեկատուութիւնը, ըստ որու երէկ երեկոյեան ժամերուն հայկական բանակը թիրախաւորած է Ատրպէյճանի զանազան դիրքերը։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024