ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏԱՐԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ Պահպանողական կուսակցութիւնը։ Ընտրողներու շուրջ 65 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, որու արդիւնքին Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի կողմէ գլխաւորուած Պահպանողական կուսակցութիւնը ապահովեց՝ առանձինն իշխանութեան գլուխ գալու համար բաւարար երեսփոխանական աթոռները։ 

Ընտրութեան արդիւնքին յայտնի դառնալէն վերջ Քեմրըն իր կողակցին հետ փութաց Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի այցելութեան։ Ան այս առթիւ յայտնեց, թէ սա իր ապրած ամենաքաղցր ընտրական յաղթանակն է։ 

Ընտրութիւններէն առաջ Տէյվիտ Քեմրըն յայտարարած էր, որ հանրաքուէի պիտի դնէ Անգլիոյ Եւրոմիութեան կազմին մէջ շարունակելու կամ անկէ դուրս գալու հարցը։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015