Երեքշաբթի 25, Փետրուար 2025
ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑԻՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ԹԻՐԱԽՆԵՐԸ
Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին լայնածաւալ ու ազդու գործողութիւններ իրականացուցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Ռազմաօդային ուժերը Քանտիլի, Մեթինայի, Զափի եւ Կարայի շրջաններէն ներս ռմբակոծեցին անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան զանազան թիրախները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ «F-16» եւ «F-4 2020» ռազմաօդանաւերը ոչնչացուցած են ՓՔՔ-ի ապաստանարանները, զինանոցները եւ զանազան դիրքերը։
Այս գործողութիւններուն աւարտին ռազմաօդանաւերը անվտանգ ձեւով վերադարձած են իրենց ռազմախարիսխները։ Ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնները կը շարունակուին նաեւ երկրէն ներս։
Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016