ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆ ՆԱՒԹԻ ՇՈՒԿԱՅԷՆ ՆԵՐՍ ԿԸ ՑՆՑԵՆ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԻՐՔԸ
The Wall Street Journal ամերիկեան հեղինակաւոր թերթը գրեց, թէ Ռուսաստան եւ Իրան համաշխարհային նաւթի շուկայէն ներս կը ցնցեն Սէուտական Արաբիոյ դիրքերը։ Ներկայ պայմաններով, Ռիատ դէմ յանդիման մնացած է լուրջ սպառնալիքի՝ Ասիոյ շուկաներու քարիւղի գլխաւոր մատակակարի տիտղոսը տեւականացնելու առումով։
Հարկ է նշել, որ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը վերջերս պաշտօնազրկեց երկրի Նաւթի նախարարը՝ Ալի Էլ-Նաիմին, որ 1995 թուականէն ի վեր կը զբաղեցնէր այդ պաշտօնը։ Ռուսաստանի եւ Իրանի նման երկիրներու հետ Սէուտական Արաբիոյ մրցակցութիւնը կը շարունակէ սպառնալիք հանդիսանալ՝ դէպի Չինաստան, Ճաբոն եւ Հնդկաստան նաւթի յաջող արտածման տեսակէտէ։ Չինաստան Սէուտական Արաբիային կ՚ապահովէ իրեն համար անհրաժեշտ քարիւղին մեծամասնութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ռուսաստանէն դէպի Չինաստան նաւթի մատակարարումը աւելցած է աւելի քան 10 տոկոսով։ Ռուսաստանի աշխարհագրական դիրքը այս երկիրը աւելի մրցունակ կը դարձնէ Ասիոյ նաւթի շուկային մէջ։
Ըստ Մոսկուայի աղբիւրներուն, ռուսական կողմը այլ երկիրներու տեսանկիւնէն եւս գրաւիչ կը դառնայ՝ նաւթի գործարքներու կնքման համար ընձեռուած առանձնայատուկ հնարաւորութիւններով։ «Կազփրոմ» ռուսական ընկերութիւնը արտօնած է, որ չինական գնորդները ռուսական քարիւղին փոխարժէքը վճարեն եուանով, այլ ոչ թէ տոլարով։ Սէուտական Արաբիան մասնաբաժինը կը կորսնցնէ նաեւ Ճաբոնի շուկայէն ներս։ Վերջին շուրջ մէկ տարուան ընթացքին ճաբոնական շուկայէն ներս Սէուտական Արաբիոյ նաւթը անկում կրած է գրեթէ շուրջ 4 տոկոսով, իսկ Ռուսաստանի մասնաբաժինը աւելցած է մօտաւորապէս 1 տոկոսով։
Այս մրցակցութեան կը միանայ նաեւ Իրան, որու դէմ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցները արդէն դադրեցուած են։ Թեհրան շուտով իր նաւթի արտադրութեան ծաւալները կը հասցնէ պատժամիջոցներու նախորդած ժամանակաշրջանին եւ նոյնպէս հետաքրքրուած է ասիական շուկաներով։