ՍՏՈՒԳՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
«Քարնեկի» հիմնարկի Կովկասի հարցերու գծով աւագ վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ յօդուած մը գրի առաւ Politico Europe պարբերականին մէջ։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ անցեալ ամսուան սկիզբին պատահած քառօրեայ բռնութիւններուն եւ իր համոզմամբ անոնք կը նշանակեն հակամարտութեան վերսկսած ըլլալը։ Հրադադարի մասին նոր համաձայնութիւն մը թէեւ ձեռք բերուած է, սակայն այդ մէկը արդէն խախտուած է։ «Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան միայն երկու-երեք քայլ հեռու են Պոսնայի նման հակամարտութենէ մը, որուն կրնայ ներքաշուիլ ամբողջ տարածքաշրջանը», մատնանշած է անգլիացի վերլուծաբանը, որ յիշեցուցած է, թէ հրադադարի մասին համաձայնութիւնը քանի մը տարիէ ի վեր խիստ լարուածութեան տակ կը գտնուէր։ Ատրպէյճան կ՚աւելցնէր ծանր սպառազինութիւններու իր զինանոցը, իսկ երկու կողմէն հնչող հռետորաբանութիւնը աւելի ծայրայեղ էր, 1990-ական թուականներուն բաղդատմամբ։
Ըստ Թոմաս տը Վաալի, հրադադարի խախտումը շարունակուեցաւ Ապրիլի 2-ին։ Ատրպէյճանի նպատակն էր ստուգել հայկական պաշտպանութիւնը եւ զայն պարտադրել աւելի տկար դիրքերով բանակցելու։ Ատրպէյճանական զինուորականները վերականգնեցին կորսուած տարածքներէն կտորներ, ինչպէս նաեւ բաւական խախտուած հպարտութիւնը։ Սակայն մարդկային գինը բարձր էր։ Պաշտօնական տուեալներով, քանի մը տասնեակ մարդ զոհուեցաւ։ Մասնագէտներու գնահատմամբ, շուրջ 200 հոգի զոհուած է, սպաննուած են նաեւ քաղաքացիական անձեր։
Քառօրեայ պատերազմը զայրոյթ յառաջացուց։ Ազէրիները մինչեւ հիմա ինքզինքնին ստորացած կը զգային պարտութիւններուն հետեւանքով։ Երկիրը հայրենասիրական ջանքերու մէջ է, ինչ որ օգտակար է՝ ուշադրութիւնները ընկերատնտեսական ճգնաժամէն շեղելու առումով։ Անցեալ տարի Ատրպէյճանի մանաթը արժեզրկուեցաւ երկու անգամ։ «Մեծ գայթակղութիւն, եւ, առաւել մտահոգիչ է՝ հասարակական ճնշում կայ յարձակման փորձ մը եւս ընելու համար», նշած է Տը Վաալ ու շեշտած՝ որ ազգայնական զգացումները բռնկեցան նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր երիտասարդ հայեր կամաւոր միացան զինեալ ուժերուն։
Երկու կողմերու սպառազինութիւններու հսկայական զինանոցի պարագային նոր բախումը կրնայ դիւրութեամբ վերածուիլ աւելի մեծ հակամարտութեան մը, 1990-ականներու սկիզբին բաղդատմամբ։ Պաքու եւ Երեւան կրնան վկայակոչել, համապատասխանաբար, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ ռազմական օգնութեան մասին իրենց պայմանագրերը։ Բայց եւ այնպէս այդ երկիրները չեն փափաքիր մասնակցիլ ու մեծ ճնշման տակ են՝ այդ տարածքաշրջանէն ներս իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու համար։
Ի լրումն այս բոլորին, անհանգստութիւնը կ՚աւելնայ նաեւ հարեւան երկիրներէն ներս. օրինակ՝ Վրաստանի մէջ, ուր կը բնակին հայեր եւ ազէրիներ։ BP ընկերութեան Պաքու-Թիֆլիզ-Ճէյհան նաւթամուղը, որ կ՚անցնի երկրի տարածքով, կրնայ նոյնպէս թիրախ դառնալ։ Հետեւաբար, Թոմաս տը Վաալի կարծիքով, անվտանգութեան վաքումը կրնայ լրացուիլ կա՛մ լուրջ քաղաքական բանակցութիւններով եւ կամ լայնածաւալ բախումներով։ Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ իրականացուող բանակցութիւններուն՝ վերլուծաբանը շեշտած է, թէ Նախագահ Ալիեւ կամ Նախագահ Սարգսեան հանդէս չեն եկած շինիչ կամ խաղաղարար որեւէ առաջարկով։ Համանախագահ երկիրներուն՝ Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու համեստ գաղափարները կը մերժուին սովորաբար։ Վերլուծաբանի կարծիքով, Ատրպէյճան կը փափաքի նոր բանակցութիւններ եւ ռազմական ուժը օգտագործել որպէս լծակ։ Մինչդեռ Հայաստան չի պատրաստուիր Ատրպէյճանի ճնշման ներքեւ որեւէ բանի համաձայնելու եւ կը պահանջէ անվտանգութեան երաշխիքներ։ Տը Վաալի կարծիքով, եթէ յառաջընթաց չարձանագրուի, ապա ռազմական գործողութիւնները կրնան վերսկսիլ Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած «Ֆորմիւլա 1» մրցումէն վերջ, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիսի աւարտին։ «Կրնանք միայն յոյս ունենալ, թէ Կովկասի մէջ աւելի մեծ թափով ռազմական գործողութիւններու եւ ամբողջ տարածքաշրջանի տեսակէտէ անոնց հետեւանքներուն հեռանկարը պիտի սրէ հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ ուշադրութիւնը» նշած է Տը Վաալ եւ աւելցուցած, թէ այս հակամարտութիւնը կ՚անտեսուէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ Արցախի մէջ այսօր կը նշուի Շուշիի ազատագրման տարեդարձը։ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը այս առթիւ կ՚այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ։ Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիսի 9-ին առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ ըսաւ. «Շուշին ազատագրած ազատամարտիկներուն զաւակները անցեալ ամիս կրկնեցին իրենց հայրերուն սխրանքը»։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին երկայնքով շաբաթավերջին ու երէկ գիշեր իրադրութիւնը ընդհանրապէս մնացած է անփոփոխ՝ Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէ բացուած անկանոն կրակներով։