«ԲԱՒԱՐԱՐ» ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Հիւր վարչապետը ելոյթ մը ունեցաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան գործարար համաժողովին ընթացքին։ Ան այս փուլին շեշտեց, որ Թուրքիայէն աւելի քան քսան ընկերութիւն շուրջ յիսուն նախագիծ կ՚իրականացնէ այն տարածքներէն ներս, որոնք 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են։
«Ներկայիս ազատագրուած տարածքներէն ներս թափ ստացած են վերականգնման ու վերակառուցման աշխատանքները եւ եղբայրական Թուրքիոյ ընկերութիւնները աշխուժօրէն կը մասնակցին անոնց», ըսաւ Ասատով եւ աւելցուց, որ թրքական ընկերութիւններու ձեռնարկած նախագծերուն ընդահանուր արժէքը կը կազմէ շուրջ 4 միլիառ ամերիկեան տոլար։
Նախագահ Էրտողանն ալ Ալի Ասատովի հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի հնարաւորինս շուտ։ Ան նշեց, որ Անգարա կը շարունակէ աջակցիլ Պաքուին բոլոր ոլորտներու մէջ։ Էրտողան ընդգծեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացէն ներս ձեռք բերուած յառաջընթացը ուրախացուցիչ է եւ դրական արդիւնքներ կ՚ակնկալուին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Ալմաթիի մէջ վաղը նախատեսուած հանդիպումէն։ «Տարածաշրջանը պէտք է հասնի կայունութեան», ըսաւ Էրտողան։
Հայկական լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտած են Էրտողանի յայտարարութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձած են ԱՓԱ գործակալութեան հաղորդումները, ըստ որոնց, Էրտողան «բաւարար» գնահատած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած յառաջընթացը։