ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑԻ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ՝ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ բաւական երկար ընդհատումէ մը վերջ տեսակցեցան Մոսկուայի մէջ։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովէն վերջ, Քրեմլինի պալատին մէջ ուշ ժամերուն տեղի ունեցաւ այս կարեւոր տեսակցութիւնը, որու սկիզբի փուլին երկու ղեկավարներն ալ շեշտը դրին տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն վրայ։

Փաշինեանը հիւրընկալելու ժամանակ Փութին շեշտեց, որ Հայաստան-Ռուսաստան առեւտրաշրջանառութիւնը հասած է աւելի քան 7 միլիառ տոլարի մակարդակին, ինչ որ աննախընթաց ծաւալ մըն է։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ դիտել տուաւ, որ վերջին անգամ անցեալ դեկտեմբերին տեսակցած էր Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Ի հարկէ, կուտակուած են հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուին», ըսաւ ան։

ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներով, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ Փաշինեան-Փութին երէկուան հանդիպման կապակցութեամբ ըսաւ. «Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն մէջ իսկապէս կան որոշ դժուարութիւններ, սակայն զանոնք պէտք չէ ուռճացնել»։

Թէ՛ հայկական եւ թէ ռուսական պաշտօնական աղբիւրները երէկուան բանակցութիւններու բովանդակութեան կապակցութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին՝ բացի Փաշինեան-Փութին զրոյցի սկզբնական փուլի ողջոյնի խօսքերէն։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտնեց, որ Մոսկուա պատրաստ է շարունակել աջակցիլ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Ան ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի Ալմաթիի մէջ վաղը նախատեսուած հանդիպումը։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024