ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Յուլիս 7-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները երկրի ժողովրդավարականացման տեսանկիւնէն լուրջ անկիւնադարձ մը կը նկատուին։ Միջազգային հանրութեան ու մամուլին արձագանգը այս ուղղութեամբ է։
Նախքան օտար գործիչներու տեսակէտներուն անդրադառնալը, նախ պէտք է նշել Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի երէկի յայտարարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախընտրական քարոզարշաւի օրերուն ան եւս հրապարակ իջած եւ յօգուտ ԱՔ կուսակցութեան քարոզարշաւ իրականացուցած էր։ Ընտրութեանց աւարտին Էրտողան հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութեամբ մը։ «Մեր ժողովուրդին գնահատանքը ամէն ինչէ վեր է։ Կը հաւատամ, որ մրցակից բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ առողջ եւ իրատեսական վերլուծման մը պիտի ենթարկուի այս տեսարանը, որ ոչ մէկ կուսակցութեան կ՚ընձեռէ միանձեայ իշխանութեան դառնալու հնարաւորութիւնը», նշուած է այնտեղ։ Նախագահը մաղթած է նաեւ, որ բարեբեր ըլլան ընտրութեան արդիւնքները։ «Ժողովուրդի ընտրութեանց մասնակցելու բարձր տոկոսը ցոյց կու տայ այն մօտեցումը, զոր ան ունի իր կամքը թելադրելու եւ ժողովրդավարութեան նկատմամբ», յայտարարած է նախագահը՝ միաժամանակ յայտնելով, թէ կուսակցութիւնները հարկ եղած զգայնութիւնը պիտի ցուցաբերեն եւ պիտի վարուին պատասխանատուութեամբ։
Անկասկած կարեւոր է նաեւ համաշխարհային հանրութեան արձագանգը։ Այսպէս, Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան կոմիսար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով կոմիսար Եոհաննէս Հան հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ ու նշեցին, թէ յառաջիկային նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին ԵՄ-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացման համար։ ԵՄ նաեւ բարձր գնահատեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած 86 տոկոս մասնակցութիւնը՝ զայն նկատելով երկրի ժողովրդավարացման ուժեղ ցուցանիշ մը, որ յառաջիկային ԵՄ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն ամրապնդման համար կրնայ նոր կարելիութիւններ ստեղծել։
Յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց։ Ան ըսաւ, թէ ընտրութեանց բերուած մասնակցութիւնը հրաշալի էր, իսկ ընտրութիւնները՝ ազատ ու արդար։ Ըստ իրեն, այս իրադարձութիւնը փաստ մըն է թրքական ժողովրդավարութեան բազմազանութեան եւ կենդանութեան։
Իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէֆ Ռատքէ յայտարարեց, որ իրենք անհամբեր են միասնաբար աշխատելու համար Թուրքիոյ նոր խորհրդարանին եւ կառավարութեան հետ։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի դաշնակից մըն է եւ ԱՄՆ ուժեղ յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ։