Հինգշաբթի 1, Մայիս 2025
ԱՆՇԵՂ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նոր կազմին անդրանիկ նիստը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Պեշթեփէի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան երկրի արտաքին ու ներքին բնոյթով առաջնահերթ հարցերը։
Ըստ ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին, Հարաւային Կովկասի առկայ իրադրութիւնն ալ ժողովականներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, խորհուրդը գոհունակութիւն յայտնեց այն յառաջընթացին համար, որ արձանագրուած է Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան գործընթացին մէջ։ Զեկոյցին մէջ մատնանշուած է, որ արդար լուծումը կարեւոր նպաստներ պիտի ապահովէ թէ՛ Կովկասի մէջ մշտական խաղաղութեան եւ թէ համաշխարհային կայունութեան համար։
Ուրբաթ, Յունիս 9, 2023