ԿԱՆԱՆՑ ԻՐԱՒԱՆՑ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՄԱՐԻԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-

Մայիսին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է «Կիներու նախաձեռնութիւններ-Cartier շրջանային (Եւրոպա) մրցանակ 2023»ի մրցանակաբաշխութիւնը։ Առաջին անգամ ըլլալով հայուհի մը. յանձինն՝ Մարիամ Թորոսեանի, մաս կազմած է դափնեկիրներու շարքին։

Ան մրցանակի արժանի նկատուած՝ խոստմնալից ձեռնարկատէր լաւագոյն երեք կիներու մէջ ընդգրկուելով ընտրուած է երկրորդ՝ կիներու պաշտպանութեան ի խնդիր ծաւալած իր գործունէութեան համար։ Մարիամ Թորոսեան 2020-ին հիմնած է «Safe YOU» ընկերութիւնը, որուն նախագահն ու ընդհանուր տնօրէնուհին է։ «Safe YOU» արհեստական բանականութեան միջոցով կը մշակէ ծրագրեր, որոնք կը վերաբերին կիներու դէմ բռնութեան փորձի պարագային՝ պաշտպանութեան միջոցներ տրամադրելու, բռնութեան ենթարկուածներու դատական գործընթացներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ կիներու դէմ բռնութեան ներկայ ընկալեալ երեւոյթը փոփոխելու միտումով այլ ծրագրեր։

Տասնվեց տարի առաջ հաստատուած այս մրցանակին նպատակն է քաջալերել ձեռնարկատէր այն կիները, որոնք իրենց գլխաւորած ընկերութեան միջոցով դրական ազդեցութիւն կ՚ունենան հասարակութեան վրայ։ «Cartier» մրցանակով ամէն տարի երեք դափնեկիրներու կը շնորհուին դրամական պարգեւներ՝ անոնց բարի ծրագրերը յառաջ մղելու համար։

Այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը կատարուած է ձեռամբ՝ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացած հռչակաւոր իրաւաբան Ամալ Քլունիի, «Cartier»ի Ֆրանսայի տնօրէն Ռընօ Լըսթրենժանի եւ «Cartier»ի նախագահ-ընդհանուր տնօրէն Սիրիլ Վինիըրոնի:

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2023