ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, յառաջիկայ երկուշաբթի, յունիսի 12-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ նախատեսուած բանակցութիւնները յետաձգուեցան։ Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած նախարարներու քննարկումներու հերթական փուլը յետաձգուած է Պաքուի պահանջով։ Իր կարգին, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ նշեց, որ այժմ կը քննարկուի այդ հանդիպման նոր ժամկէտը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան աղբիւրները առայժմ չեն յստակացներ արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ բանակցութիւններու ժամկէտը։ Ուաշինկթընի դիւանագիտական աղբիւրները նաեւ չեն անդրադարձած Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման յետաձգման պատճառներուն։

Ուաշինկթընի բանակցութիւններու յետաձգման վերաբերեալ լուրերը հասան, երբ վերջին քանի մը օրերուն Ատրպէյճանի բանակը դարձեալ յարձակումներ կ՚իրականացնէ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն դէմ։ Պաքուէն շարունակ կը պնդուի, որ հայկական կողմը կրակ կը բանայ։ Իսկ հայկական կողմն ալ այդ պնդումները միշտ կը հերքէ՝ շեշտելով, որ անոնք պատրուակ կը ծառայեն՝ Ատրպէյճանի նոր յարձակումներուն համար։

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար վերջին օրերու Երեւան այցելութենէն վերջ մեկնած է Պաքու, ուր եւս քննարկումներ կը ծաւալէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն շուրջ։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2023