ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նիստը։ Յառաջիկայ օգոստոսին նախատեսուած հերթական խաղերուն ընդառաջ կը գումարուի այս ժողովը, որուն կը մասնակցին նաեւ թրքահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Երեւանի մէջ են համաշխարհային կոմիտէի անդամներէն Տիգրան Ալթուն, Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբէն՝ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ Էֆրիմ Պաղ, որ կը գլխաւորէ «Սասուն» խումբին մասնակցութիւնը։ Այսօրուան ժողովին ընդառաջ, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի հաւաքատեղիին մէջ անոնք երէկ ունեցան խորհրդակցութիւն մը։

Մինչ այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ հիւրընկալեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործադիր կազմի անդամները։ Ողջունելով հիւրերը՝ ան ընդգծեց նման հանդիպումներու դրական դերը՝ Համահայկական խաղերը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ իրականացնելու տեսակէտէ։ Նախագահը համոզուած է, թէ Համահայկական խաղերը մարզական առումով կարեւոր իրադարձութիւն մը կը համարուին։

Հանդիպման ընթացքին Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան ներկայացուց ամառնային մօտալուտ ութերորդ խաղերուն նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։

Վահագն Խաչատուրեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ Համահայկական խաղերու եւ ընդհանրապէս մարմնամարզական կամ մշակութային զանգուածային ձեռնարկներու կազմակերպումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման ու սերտացման տեսակէտէ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու առաւել խորացման հնարաւորութիւններն ու ուղղութիւնները։ Նախագահ Խաչատուրեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Ան անդրադարձաւ համահայկական օրակարգի հարցերու պարագային Հայաստանի եւ սփիւռքի կառոյցներու միասնական ու ներդաշնակ դիրքորոշումներու կարեւորութեան։

Կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի պետական մարմիններու եւ սփիւռքի կառոյցներու համագործակցութեան մակարդակը հնարաւորինս բարձրացնելու եւ արդիւնաւէտ կառուցակարգերու հաստատման անհրաժեշտութեան շուրջ։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2023